Ազերի մարդասպանը (ետեւինը)
Փետրուար 21-ին, Պաքուի մէջ մեծ շուքով դիմաւորած են 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հադրութի մէջ հայ ծերունիի մը կոկորդը կտրելուն համար Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դիմումով ձերբակալուած, ապա քանի մը ժամ ետք ազատ արձակուած Քամիլ Զեյնալ։ Ան Փետրուար 22-ին Ռուսաստանի մէջ դատարան պիտի ներկայացուէր։
Այս կապակցութեամբ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նարեկ Սարգսեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին յայտնած է, որ նշեալ անձին նկատմամբ սպանութեան մեղադրանքով միջազգային հետախուզում յայտարարուած է։ Հայաստանեան իրաւապահ մարմինները այլ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։
Նշենք, թէ ձերբակալութեան պահուն, մարդասպանը ուղղակի հեռարձակումով յայտարարած էր, որ հայկական կողմը զինք կը փնտռէ նախորդ տարուան Մայիսէն ի վեր, որմէ ետք երրորդ անգամն ըլլալով Ռուսաստան կ՚այցելէ, սակայն միայն այս անգամ ձերբակալուած է՝ յոյս յայտնելով, որ պետական կառոյցները կ՛աջակցին իրեն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։