Ապրիլ 24-ին, Մոսկուայի Սուրբ Պայծառակերպութեան մայր տաճարին մէջ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի հանդիսապետութեամբ պատարագ մատուցուած է՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Ներկայ եղած են Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան պատասխանատուներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Պատարագէն ետք, մասնակիցները ծաղիկներ զետեղած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողին առջեւ: Այնուհետեւ օրուան խորհուրդով եկեղեցական համալիրի տարածքին գործող «Տապան» թանգարանին մէջ բացուած է վաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէս:
Նոյն օրը, յիշատակի արարողութիւններ կատարուած են նաեւ Ռուսաստանի այլ քաղաքներուն մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։