Search
Close this search box.

Ռուսաստան-Արեւմուտք մրցակցութեան անհրաժեշտութիւնը

Ռուսաստանի  Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին Դեկտեմբեր 18-ին յայտարարեց, թէ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ գոյացած դժուարութիւնները հնարաւոր է յաղթահարել եւ բարելաւել երկու երկիրներու միջեւ կապերը։

Առաջին անգամ ըլլալով ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը կ՚ընդունի Ռուսաստան-Հայաստան յարաբերութիւններու մէջ դժուարութիւններու գոյութիւնը եւ զանոնք բարելաւելու հնարաւորութեան մասին կ՚արտայայտուի։ Ցայժմ Ռուսաստան չէր բարեհաճած խոստովանիլ, որ գոյացած են դժուարութիւններ։ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն՝ խօսած է կայսերական, հրամայական դիրքերէ։ Նոյնիսկ իբրեւ ռազմավարական դաշնակից, հակառակ իր թերացումներուն, ամբաստանած է Հայաստանի իշխանութիւնները Ռուսաստանի հանդէպ թշնամական վերաբերում ունենալու, արեւմտեան «սորոսական» մութ ուժերու ենթարկուելու մեղադրանքով։ Արցախի կորստեան պարագան ամէնէն ցայտուն օրինակն էր պատասխանատւութիւնը ամբողջովին Հայաստանի իշխանութիւններուն բարդելու դիրքորոշման։ Եւ դեռ եղան կոչեր վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւնը տապալելու։ 

Ռուսաստանի՝ Արցախը անպաշտպան թողելը աւելի ծանրակշիռ հետեւանքներ ունեցաւ հայաստանցի ու արցախցի հանրութեան համար, ինչ որ հրահրեց անոր հակակրանքը, նոյնիսկ թշնամութիւնը Ռուսաստանի հանդէպ, որ շատ աւելի ծանրակշիռ երեւոյթ մըն է, եւ եթէ այս ընթացքը շարունակուի՝ կրնայ քանի մը տարիէն առաջնորդել ռուսական ռազմական ուժերուն Հայաստանէն մեկնումին։ Ամէն պարագայի, ա՛յս է նաեւ ԱՄՆ-ու եւ Արեւմուտքի գլխաւոր նպատակը։ Եւ էական հարցում է, թէ արդեօք այս լուծումը նպաստաւո՞ր է Հայաստանին։

Հայաստանի իշխանութիւնները սկզբնական շրջանին շատ զգուշաւոր հակազդեցութիւն ցուցաբերեցին Ռուսաստանի հանդէպ, ապա հետզհետէ աւելի յանդուգն կերպով իրենց դիրքորոշումը յայտնեցին ու հակազդեցին ռուս իշխանութեան ամբաստանութիւններուն, նոյնիսկ մի քանի պոռոտախօս Ռուսերու Հայաստան մուտքին արգելք դրին։

Ռուսաստանի՝ Հայաստանի նկատ-մամբ իր դաշնակցային պարտաւորութիւններու զլացումը պատճառ դարձաւ, որ Երեւան նոր ռազմավարական դաշնակիցներ որոնէ։ Այս առումով ան տակաւին չէ գտած այն ռազմավարական դաշնակիցը, որ կրնայ ապահովել իր անվտանգութիւնը ազերական յարձակումի պարագային։ Բնաւ պէտք չէ մտածել որ Արեւմուտքը Հայաստանի շահերու պաշտպան պիտի կանգնի յարձակումի պարագային, ինչպէս որ ան ճկոյտն իսկ չշարժեց 2020-ի պատերազմի ընթացքին եւ անկէ վերջ։ 

Արեւմուտքի անորոշ դիրքորոշումը աւելի յստակ դարձաւ վերջերս Ազերպայճանի կողմէ 32 հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման առթիւ, որ արդիւնք էր Հայաստան-Ազերպայճան ուղղակի բանակցութեան։ Արեւմուտքը ողջունեց այդ ուղղակի «երկխօսութիւնը» եւ երկու երկիրներու միջեւ բարի կամքի արտայայտութիւնը։ Բայց եթէ հարցը դիտուի միջազգային օրէնքի եւ միջազգային յարաբերութիւններու ակնոցով՝ եղածը ուղղակի Ազերպայճանի՝ իր յանձնառութիւններէն խուսափում էր, որովհետեւ ան մերժած էր Պրիւսէլի եւ Ուաշինկթընի երկխօսութեան հանդիպումները, Արցախի մէջ ցեղային զտում կատարած, Միջազգային դատարանի կողմէ դատապարտուած, սակայն ահա Հայաստանի անզօրութենէն օգտուելով՝ անոր պարտադրեց իր ապօրինաբար պահած 32 ռազմագերիներու փոխանակումը՝ Պաքուի մէջ 2024-ին Միջազգային COP29 համաժողովի կազմակերպման եւ ազերի գերիներու դիմաց, մոռացութեան մատնելով Արցախն ու 100.000 Արցախցիներու իրենց հայրենի հողերէն վտարումը… Եւ արեւմտեան աշխարհը յօժարեցաւ այս անպարկեշտ կարգադրութեան։ Ա՛յս է նաեւ Արեւմուտքը։ 

Հարցումի մը առթիւ, աշխարհաքաղաքագէտ Ալեքսանտր տէլ Վալ, հետեւեալ հետաքրքրական միտքը արտայայտեց, ըսելով որ Օսմանեան կայսրութիւնը յաջողեցաւ իր անկումը ուշացնել Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի շահերու բախումէն օգտուելով։ Այսօր Հայաստան եւս կը գտնուի Արեւմուտքի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի, Հնդկաստանի, Չինաստանի զանազան ռազմավարական շահերու բախումի կիզակէտին, իր գոյատեւման համար նպաստաւոր իրադրութեան մը մէջ, եթէ երկրին իշխանութիւնները կարենան այս պատեհ առիթը ճիշդ օգտագործել եւ Ռուսաստանը պահպանել իբրեւ Արեւմուտքի մրցակից։

Ժ.Չ. ■