Search
Close this search box.

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Զախարովա. «Հայաստան ու Ռուսաստան միշտ պիտի մնան բարեկամներ եւ պիտի զարգացնեն երկկողմ յարաբերութիւնները»

Ռուսաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան մամ­լոյ բան­բեր Մա­րիա Զա­խարո­վա յայ­տա­րարած է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ներ­քա­ղաքա­կան բո­լոր իրա­դար­ձութիւննե­րը որ­պէս ինքնիշ­խան պե­տու­թիւն՝ Հա­յաս­տա­նի ներ­քին գործն են։ 

Խօ­սելով հայ-ռու­սա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մա­կար­դա­կին մա­սին՝ բան­բե­րը նշած է, որ անոնք միշտ կա­ռու­ցուած են իրա­ւահա­ւասա­րու­թեան, փոխ­շա­հաւէ­տու­թեան, տա­րածաշրջա­նին մէջ իրա­վիճա­կի բար­դութեան ըն­կալման հի­ման վրայ։ 

“Շա­տեր կ՚ու­զեն փլու­զել այդ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, շա­տեր քիչ ջանք չեն գոր­ծադրած անոնց վնաս հասցնելու հա­մար, բայց իմ կար­ծի­քով, Ռու­սաստան իր բաց սրտով ու հո­գիով ըրած է ամէն ինչ, որ­պէսզի ձա­խողին ոչ թէ Ռու­սաստա­նի, այլ՝ երկկողմ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կոր­ծանման համար եղած այդ փորձերը, որոնք հա­րուա­ծած են նախ եւ առաջ հայ ժո­ղովրդն ու տա­րածաշրջա­նի կա­յու­նութիւ­նը։ Կա­րելի է ըսել՝ ճիշդ այդ կա­յու­նութեան ու անվտան­գութեան հա­մար զո­հուե­ցան բազ­մա­հազար կեան­քեր ու ճա­կատագ­րեր, նե­րառեալ՝ Ռու­սաստա­նի քա­ղաքա­ցիներ՝ մեր զի­նուոր­նե­րը, որոնք կը պաշտպա­նէին տա­րածաշրջանն ու հայ ժո­ղովուրդը։ Մենք այնքա՜ն հո­գի դրած, այնքան ուժ ու ջեր­մութիւն ներդրած ենք մեր յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման մէջ, որ որե­ւէ կեր­պով կա­րելի չէ զա­նոնք փճաց­նել։ Այդ ամէ­նը պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ”,– ըսած է Զա­խարո­վա՝ հա­մոզում յայտնե­լով, որ Հա­յաս­տան ու Ռու­սաստա­ն միշտ պի­տի մնան բա­րեկամ­ներ եւ պի­տի շա­րու­նա­կեն զար­գացնել երկկողմ յա­րաբե­րու­թիւնները։