Խորամանկօրէն շարք մը մեղմ արտայայտութիւններով թեթեւցուած, բայց եւ այնպէս սպառնալիքի համազօր նոր յայտարարութիւն մը հնչած է Մոսկուայէն, որ կը զգուշացնէ Երեւանը՝ եթէ չ՚ուզեր ենթարկուիլ Ուքրաինայի ճակատագրին։
Այսպէս, ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան՝ Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով Յուլիս 25-ին յայտարարած է, թէ «Մոսկուա կը յուսայ, որ Երեւան չ՚ընթանար Քիեւի վարչակազմի ուղիով՝ ընտրութիւն կատարելով Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ»։
“Մենք կ՚ապաւինինք Հայաստանի քաղաքական իմաստնութեան, ընբռնումով կը մօտենանք Եւրոպական Միութեան հետ Երեւանի գործակցութեան նկատմամբ, պարզապէս պիտի չուզէինք, որ ան ընտրէր Քիեւի վարչակազմի ուղին, այսինքն՝ «կամ-կամ» սկզբունքը: Այդպիսի քաղաքական տեսլական մը փափաքելի պիտի չըլլար”,– լրագրողներուն յայտնած է ռուս դիւանագէտը՝ անդրադառնալով Հայաստանին 10 միլիոն եւրոյի սպառազինութեան օգնութիւն տրամադրելու Եւրոպական Միութեան կայացուցած որոշումին։
Ան միաժամանակ նշած է, որ «Հայաստան ինքնիշխան երկիր է եւ ինք կ՚ընտրէ փոխադարձ գործակցութեան առաջնահերթ բնագաւառները»,– ընդգծելով, որ Հայաստան Ռուսաստանի համար դաշնակից եւ եղբայրական երկիր է։
Փեսքով նաեւ հաստատած է, որ Ռուսաստան մտադիր է զարգացնել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։