ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ. Հայկական արժէքները՝ «ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլուխգործոցներու հանդիպումը Օլոնխոյի հողին վրայ» փառատօնին

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարզանքի նախարարութեան, ինչպէս նաև Սախայի Ինքնավար Հանրապետութեան (Եաքութիա) Մշակոյթի եւ հոգեւոր զարգացման նախարարութեան ու տեղւոյն հայ համայնքի համագործակցութեամբ, Հայաստան մասնակցած է Եաքութսք քաղաքին մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող «ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլուխգործոցներու հանդիպումը Օլոնխոյի հողին վրայ» չորրորդ միջազգային փառատօնին։

Փառատօնը նուիրուած էր Ռուսաստանի եւ աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան։ Հայաստանի, Հնդկաստանի, Մոնղոլիոյ, Քիրկիզստանի, Ազերպայճանի, Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի զանազան տարածաշրջաններէն շուրջ 100 ներկայացուցիչներ մասնակցած են փառատօնին։

Հայաստան ներկայացած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկերուն մէջ արձանագրուած «Քոչարի» պարի և «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի կատարողութեամբ։

Եաքութսքի Օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած եզրափակիչ համերգին «Քոչարի» պարը ներկայացուցած է «Արդուին» ազգագրական երգ ու պարի համոյթը, որ հանդէս եկած է «Քոչարի»-ի 5 տարբերակներու ընդհանրացուած բեմադրութեամբ, իսկ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը մեկնաբանած է «Կայթ» կրթամշակութային հանգոյցի (Կայթ մշակութային հանգոյց) հիմնադիր-ղեկավար Կորիւն Դաւթեան:

Խմբագրական