Search
Close this search box.

Ռուսաստան հրաժարա՞ծ է 2020 նոյեմբեր 9−ի եռակողմ յայտարարութենէն

Հայաստան երկրորդ անգամ ըլլալով դիմեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին (ԱԽ) Արցախի շրջափակումով յառաջացած մարդկային աղէտին առաջքը առնելու, Արցախի ժողովուրդը սովամահ ըլլալէ փրկելու միջոցները քննարկելու համար։ Առաջին դիմումը ազերի «բնապահ»-ներու ցոյցերու եւ Բերձորի ճանապարհի փակումին առթիւ էր, եւ դրական արդիւնք չունեցաւ, մասնաւորապէս ռուսական կողմին ընդդիմութեան պատճառով։ Այս երկրորդ դիմումը կատարուեցաւ Հայաստանի ուղարկած մարդասիրական օգնութիւնը փոխադրող 19 բեռնատարներու առջեւ՝ Հակարիի կամուրջի անցակէտին մօտ դրուած արգելքին առնչութեամբ։

Այս անգամ եւս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը, որուն՝ հրաւիրեալի կարգավիճակով կը մասնակցէին նաեւ երեք երկիրներ՝ Հայաստան, Ազերպայճան եւ Թուրքիա, առաւել՝ Եւրոպական Միութիւնը, վերջ գտաւ առանց որոշիչ վճիռի։ Հակառակ անոր, որ ԱԽ-ի անդամները մեծ մասամբ արտայայտուեցան ի նպաստ Բերձորի միջանցքի բացումին եւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռի կիրարկումին՝ Խորհուրդը չկայացուց շրջափակումին վերջ դնելու վերաբերեալ որեւէ որոշում։ 

Ինչպէ՞ս մեկնաբանել որոշում չկայացնելու այս երեւոյթը։ Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը կողմ ըլլալով հանդերձ շրջափակման վերացումին՝ Ազերպայճանը դատապարտող ու զայն պարտաւորող որոշում չի կայացուիր։ Տողատակին ըսուածը այն է, որ քաղաքական ներկայ իրադրութեան մէջ մեծ պետութիւններուն շահերը չեն ներեր, որ Ազերպայճանի դէմ որոշում կայացուի։ Եւ թերեւս ալ մարդասիրական օգնութիւնը Ակնայի ճամբով Ստեփանակերտ հասցնելու Ազերպայճանի առաջարկը ԱԽ-ի անդամներուն համար ընդունելի է Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական աղէտը լուծելու համար։ Ուրեմն, Հայաստանի գլխաւոր մեղադրանքը, որ Ազերպայճան սովը կը գործածէ ցեղասպանութիւն գործելու համար Արցախի ժողովուրդին հանդէպ, ընդունելի չէ։ Այս վարկածը պաշտպանուած է նաեւ Ռուսաստանի կողմէ, ըսելով որ եթէ Ակնայ-Ստեփանակերտ ճանապարհը բացուի, Բերձորի ճանապարհն ալ նոյն ժամանակ կը բացուի։

Սակայն, եկէք տեսէք որ Արցախի իշխանութիւններն են, որ կը մերժեն Ազերպայճանի ճամբով մարդասիրական օգնութիւն ստանալու առաջարկը։ Ուրեմն, այստեղ հարցը այլ հարթակ կը տեղափոխուի։ Արցախի իշխանութիւնները համաձայն ժողովուրդին փափաքին՝ իրենց ինքնորոշման իրաւունքի՛ն համար կը պայքարին, Արցախի անկախութեա՛ն համար։ 

Այստեղ շատ կարեւոր նրբութիւն մը կայ։ Ներկայ միջազգային քաղաքական իրադրութեան ու ռազմական անհաւասար պայմաններու մէջ, Արցախի իշխանութիւնները կրնա՞ն առանց Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ համաձայնելու նման դիրքորոշում որդեգրել։ Անկարելի է, որ առանց Հայաստանի՝ յաջողութեան հասնին։ Սակայն, Հայաստանի իշխանութիւնները յստակօրէն արտայայտուած են այս առնչութեամբ, որ ներկայ դրութեամբ երկիրը պատրաստ չէ նոր պատերազմի։ Ուրեմն, Արցախի իշխանութիւնները ո՞ր արտաքին ուժին երաշխաւորութեամբ է, որ նման որոշումի յանգած են։ Բնականաբար, նայուածքները կ՚ուղղուին դէպի Ռուսաստան։ Եւ շատ բնական է, որ հրահանգը գայ Մոսկուայէն, որովհետեւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի գլխաւոր շահառուն Ռուսաստանն էր, որ կրցաւ պատերազմին յաղթած եւ ռազմավարական քաղաք Շուշին գրաւած Ազերպայճանին պարտադրել զինադադարի պայմանագիրը։

Ուրեմն, ահաւասիկ Ռուսաստանի քաղաքական խաղը, մէկ կողմէն միջազգային ատեանին առջեւ Ազերպայճանի առաջարկը պաշտպանողի դերին մէջ, միւս կողմէն Արցախի իշխանութիւնները անզիջողութեան դրդողի։ Եւ այս բոլորին մէջ ո՞ւր մնաց Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը։ 2020-էն 2023, միջազգային քաղաքականութիւնը յեղաշրջում մը ապրեցաւ։ Արեւմուտք-Արեւելք բախումը նոր սահմանագծումի ընթացքի մէջ է, Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին սահմանազատումի գիծին վրայ։ Տակաւին, Արեւմուտք-Արեւելք պատերազմի ելքը յայտնի չէ, մինչ այդ պէտք է դիմանալ, դիմադրել, պայքարիլ, գիտակցելով քաղաքական իրադրութեան՝ զոհ չերթալու համար մեծ պետութիւններու քաղաքական խաղերուն։    

Ժ.Չ. ■