ՌԻԱ Նովոստիի համաձայն՝ Ռուսաստանի նախագահական ընտրութեան քուէներու գրեթէ վերջնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Վլատիմիր Փութին ստացած է ձայներու 87,3 տոկոսը: Միւս երեք թեկնածուները 5 տոկոսէն պակաս քուէներ ստացած են։
Ռուսաստանին միացուած նոր շրջաններուն մէջ՝ Տոնեցք, Լուկանսք, Զափորիժիա եւ Խերսոն, Փութին հաւաքած է ձայներու 88-95 տոկոսը:
Նշենք, թէ այս ընտրութիւնները տեղի ունեցան 25 տարիէ ի վեր Ռուսաստանի վրայ իշխող Փութինի գլխաւոր ընդդիմադիր Ալեքսեյ Նաւալնիի՝ ըստ ոմանց մահուան, ըստ շատ մը ուրիշներու՝ սպանութեան գրեթէ վաղորդայնին եւ համայն աշխարհին ակնյայտ էր, որ Փութին «յաղթական պիտի ելլէր» այս ընտրութիւններէն ալ։
Այսպէս, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ, հեգնանքով շնորհաւորած էր Փութինը իր վերընտրութեան համար, նախքան ընտրութիւններուն կայացումը
Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) քննադատած է Ռուսաստանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւնը՝ նշելով, թէ ան տեղի ունեցած է «խիստ սահմանափակ միջավայրի մէջ, Մոսկուայի կողմէ Ուքրաինայի դէմ վրայ անօրինական յարձակման պատճառով»։
Ուքրաինայի բռնակցուած տարածքներուն մէջ կազմակերպուած քուէարկութիւնը ԵՄ-ը անուանած է՝ «իբրեւ թէ ընտրութիւններ, որոնք զուրկ են որեւէ վաւերականութենէ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։