Search
Close this search box.

Ռուս եւ պելառուս մարզիկները Ողիմպիական խաղերուն պիտի կարենան մասնակցիլ, բայց չէզոք դրօշի ներքոյ

Ողիմպիական խաղերու միջազգային կոմիտէն յայտարարած է, թէ ռուս եւ պելառուս մարզիկները Փարիզի ամառնային Ողիմպիական խաղերուն պիտի կարենան մասնակցիլ, բայց չէզոք դրօշի ներքոյ:

Մասնակից մարզիկները իրաւունք պիտի չունենան մրցելու խմբային մրցաձեւերու մէջ: Մասնակցութեան իրաւունքէն պիտի զրկուին նաեւ պատերազմական իրադարձութիւններուն անդրադարձած մարզիկները: Բացի ատկէ, Կոմիտէն պիտի չհաւատարմագրէ ոեւէ պաշտօնատար անձ:

Ինչպէս ծանօթ է, Փարիզի 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ՚ունենան 2024 Յուլիս 26-էն Օգոստոս 11, Փարիզ: Խաղերու բացման արարողութիւնը բացառիկ պիտի ըլլայ, քանի որ ան տեղի պիտի ունենայ ոչ թէ մարզադաշտին վրայ, այլ՝ Փարիզի սրտին՝ Սէն գետի երկայնքին։

Լոնտոնէն ետք, Փարիզ երկրորդ քաղաքն է, որ երրորդ անգամ կը հիւրընկալէ խաղերը (1900, 1924, 2024):