Search
Close this search box.

ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Տարեկան գիշերային ուխտագնացութիւն դէպի Աստուածամօր Վերափոխման տաճար

Օգոստոս 26-ին, կէս գիշերէն ետք ժամը 2.45-ին, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը, Ժառանգաւոր սաները եւ սաղիմահայ ուխտաւորները կատարեցին իրենց տարեկան ուխտագնացութիւնը դէպի Աստուածամօր Վերափոխման տաճար, ուր Սուրբ Կոյսի գերեզմանին վրայ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պատարագեց եւ քարոզեց Եղիշէ վարդապետ Ուչքունեան: