Search
Close this search box.

Սամուէլ Շահրամանեան. «Արցախը հարկադրուած կը լինի դիմելու համապատասխան քայլերի»

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան Սեպտեմբեր 20-ին Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ գումարած է, որու ընթացքին քննարկուած են Ազերպայճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերուած պատերազմի հետևանքով ստեղծուած իրավիճակը, հնարաւոր զարգացումները և Արցախի Հանրապետութեան կողմէ այս շրջածիրին մէջ իրականացուող քայլերը:

Նախագահի աշխատակազմէն կը հաղորդեն, թէ երկրի ղեկավարը նշած է, որ միջազգային դերակատարներու անդրադարձը Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան և անոր յաղթահարման վերաբերեալ համարժէք չէ և որևէ գործնական քայլ չի ձեռնարկուիր։ Առ այդ՝ Արցախը հարկադրուած պիտի ըլլայ դիմելու համապատասխան քայլերու՝ գերնպատակ ունենալով առաջնահերթ կարգով ապահովելու բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 19-ի կեսօրէ ետք Ազերպայճան՝ շփման գօտիի ամբողջ երկյանքով յարձակած է Արցախի վրայ՝ թիրախաւորելով թէ՛ մարտական յենակէտերը, ռազմամթերքը, թէ՛ ալ խաղաղ բնակչութիւնը, երախաները, բնակարաններն ու կառքերը։

Ազերպայճանական զինուժի կողմէ գնդակոծուած է նոյնիսկ  Ստեփանակերտի դիահերձարանի շտապօգնութեան կառքը, որ կ՚ուղղուէր Մարտակերտի շրջանը՝ 8 դիակ մայրաքաղաք փոխադրելու նպատակով։

Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպանի (ՄԻՊ) հաղորդած տուեալներով՝ Սեպտեմբեր 20-ի առտուան կանուխ ժամերուն վիրաւորուած են 35 խաղաղ բնակիչներ՝ 13 երախայ, 15 կին և 7  այր մարդ։

Պարզ քաղաքացիներ զոհուած ու վիրաւորուած են Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ։

«Սա պահուս վիրաւորներու եւ զոհերու թիւը արագօրէն կ՚աւելնայ»,– նշուած է Արցախի ՄԻՊ-ի հաղորդագրութեան մէջ։