Search
Close this search box.

Սամուէլ Շահրամանեան. «Իրաւական առումով գոյութիւն չունի փաստաթուղթ մը, որ կը նախատեսէ լուծարել Արցախի պետական հաստատութիւնները» 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան Դեկտեմբեր 22-ին հանդիպում ունեցած է պետական ա՛յն մարմիններու ղեկավարներուն հետ, որոնք կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմքերով։ Լուրը կը հաղորդէ Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը։

Քննարկուած են բռնի տեղահանումէն ետք Արցախցիներու խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ ներկայացուած առաջարկները:

Անդրադառնալով կատարուած ու կատարուող աշխատանքներուն՝ նախագահ Շահրամանեան ընդգծած է 2024-ին զանոնք շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան Ստեփանակերտի քաղաքապետին եւ շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն յանձնարարած է արձանագրել ու հետեւողականօրէն կառավարութեան ներկայացնել բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու հրատապ խնդիրները:

Անդրադառնալով նաեւ վերջին շրջանին լայնօրէն քննարկուած նախագահական՝ Սեպտեմբեր 26-ի հրամանագրին՝ Սամուէլ Շահրամանեան շեշտած է, որ Արցախի Հանրապետութեան իրաւական դաշտին վրայ գոյություն չունի փաստաթուղթ մը, որ կը նախատեսէ լուծարել պետական հաստատութիւնները:

 

«Երեւանի մէջ ստորագրուած` Ղարաբաղի վերաբերող որեւէ փաստաթուղթ ո՛չ մէկ իրաւական ուժ ունի»

Իշխանութիւնը կը զգուշացնէ Սամուէլ Շահրամանեանը

Իշխանութիւնը խստօրէն քննադատած է Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը՝ զգուշացնելով, որ Հայաստան ունի ընտրուած իշխանութիւն մը եւ Երեւանի մէջ ստորագրուած` Արցախին վերաբերող որեւէ փաստաթուղթ ո՛չ մէկ իրաւական ուժ ունի։

«Ո՞վ է Սամուէլ Շահրամանեանը, որ Երեւանում հրամանագիր ստորագրի: Հայաստանում կայ մէկ իշխանութիւն: Սրան հակադրուող կամ սրա դէմ պայքարող որեւէ նախաձեռնութիւն դիտուելու է որպէս հակապետական գործունէութիւն, յայտարարուելու է օրէնքից դուրս եւ արժանանալու է պետութեան կողմից ամենակոշտ միջոցներին: Հայաստանին նոր ռազմական սադրանքի մէջ ներքաշել ձգտողների բոլոր ծրագրերը ջարդուփշուր են լինելու, իսկ հեղինակները` խստագոյնս պատժուելու են»,– յայտարարած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան։

ՔՊ-ի մէկ այլ երեսփոխան Գէորգ Պապոյեանն ալ անդրադառնալով նոյն նիւթին ըսած է. «Սամուէլ Շահրամանեանը, որպէս բռնի տեղահանուած անձ, ինչպէս բռնի տեղահանուած մեր միւս հայրենակիցները, Հայաստանում կարող է ստորագրել միայն իր անձնական բնոյթ ունեցող թղթերի ու փաստաթղթերի տակ՝ դիմում, անձնական իրեր, յուշատետր, անձնագիր, հեղինակային գիրք եւ այլն»։

Իշխանական երեսփոխան Վահագն Ալեքսանեան իր կարգին «Ազատութիւն» լրասփիւռի հետ հարցազրոյցին պնդած է. «Հայաստանի ներսում պետութիւն ձեւաւորելու փորձերը որեւէ արդիւնք չեն տալու, փոխարէնը Հայաստանի համար նոր վտանգներ են ստեղծելու»։