Հոկտեմբեր 30-ը բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, գրական-հասարակական գործիչ, հրապարակախօս Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան օրն էր:
1955-ին, հայ ժողովուրդը կը տօնէր իր Վարպետներու (Մարտիրոս Սարեան եւ Աւետիք Իսահակեան) ծննդեան 80 եւ 75-ամեակները: Աւագը կրտսեր ընկերոջ մասին կը գրէ՝ «Սարեան ամբողջ աշխարհինն է», իսկ կրտսերը` «Աւետիք Իսահակեանը յաւերժ կենդանի կը քայլի համաշխարհային պոեզիայի լուսաւոր ուղիներով՝ վկայելով հայ ժողովրդի հոգու վեհութիւնն ու ազնւութիւնը»:
Իսահակեանի ծննդեան օրը, Սարեան՝ նուիրելու նպատակով երկու նկար եւ ներկատուփը առած կ՚երթայ ընկերոջ տուն: Այդ առթիւ նկարիչը կը պատմէ.
«Շատ մարդ հաւաքուած էր։ Եկած էին նաեւ շարժանկարի գործիչներ։ Աւետիքը յամառօրէն չուզեց նկարահանուիլ, գլուխը դարձուց ու անշարժ նստեցաւ իր տեղը: Ես ալ օգտուելով առիթէն, ճիշդ այդ դիրքով՝ ինքն իր մէջ ամփոփուած, նկարեցի Վարպետը…»։
Դիմագիրքի՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի էջէն
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։