ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ (ԱՄՆ) – Գալիֆորնիոյ նահանգապետը ստորագրած է Ապրիլ 24-ը նահանգային արձակուրդ հռչակող օրինագիծը

 

Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Սեպտեմբեր 30-ին ստորագրած է Ապրիլ 24-ը՝ նահանգի տարածքին գործող համայնքային բոլոր համալսարաններուն եւ պետական դպրոցներուն մէջ արձակուրդի օր հռչակող օրինագիծը՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան։ Օրինագիծով նաեւ 8 ժամեայ  վճարովի արձակուրդ կը յատկացուի այդ հաստատութիւններուն մէջ աշխատոողներուն:

Բանաձեւը (թիւ AB 1801) ներկայացուած էր Գալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի կողմէ եւ վաւերացուած էր նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ։