Յուլիս 7-ին, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է սենեկային երաժշտութեան համերգ՝ Արցախէն երաժիշտներու կատարողութեամբ։
Համերգին ներկայ գտնուած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, որ այս կապակցութեամբ X ընկերային ցանցի իր հաշիւին կատարած է հետեւեալ գրառումը.
«Յուզումով ներկայ գտնուեցայ Արցախէն երաժիշտներու կատարողութեամբ համերգին։ Այս այրերուն եւ կիներուն համար, որոնք վերամիաւորուած ենիրենց բռնի տեղահանումէն 10 ամիս ետք, այս համերգը յաղթանակ է աքսորի, անարդարութեան և մոռացութեան դէմ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։