Search
Close this search box.

Սեպտեմբեր 1-ին, Արցախի դպրոցներուն մէջ հնչած է վերամուտի առաջին զանգը

 

Սեպտեմբեր 1-ին,  Արցախի Հանրապետութեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ հնչած է վերամուտի առաջին զանգը։

Ստեփանակերտի «Խաչատուր Աբովեան» դպրոցին մէջ «Գիտելիքի եւ դպրութեան օր»-ուան նուիրուած հանդիսութեան բացումը կատարուած է Հանրապետութեան պետական փառերգով։

Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Նորայր Մկրտչեան իր ելոյթին մասնաւորաբար նշած է.

“Շուրջ ինն ամիս տեւող ամբողջական շրջափակման հետեւանքով Արցախում ստեղծուել է մարդասիրական ճգնաժամ, որ իր անմիջական անդրադարձը ունեցել եւ ունենում է Արցախի Հանրապետութեան գիտակրթական հաստատութիւններում ուսումնական աշխատաքները պատշաճ կազմակերպելու եւ իրականացնելու գործում: Այնուամենայնիւ, Նախարարութեան կողմից գործադրւում են կարելի բոլոր ջանքերը մեր մատաղ սերունդի ու երիտասարդութեան կրթութեան իրաւունքը պաշտպանելու եւ նոյնիսկ նմանօրինակ ծանր պայմաններում ուսումնական գործընթացը սկսելու ուղղութեամբ”։