Սեպտեմբեր 27, ժամը 11-ին Ստեփանակերտի մէջ կը յայտարարուի «Լռութեան պահ»

 

Կը կայանայ խաչերթ

Սեպտեմբեր 27, ժամը 11-ին Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն ծայր կ՚առնէ խաչերթ դէպի յուշահամալիր՝ ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն:

Լուրը հաղորդած է՝ Սեպտեմբեր 27-ին նուիրուած արարողութիւնները համակարգող Արցախի պետական յանձնաժողովը։

«Սեպտեմբերի 27-ին, ժամը 11-ին Արցախի Հանրապետութիւնում յայտարարուելու է “Լռութեան րոպէ”՝ ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմում նահատակուած հերոսների: Խնդրում ենք վարորդներին, քաղաքացիներին յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: