Search
Close this search box.

Սեպտեմբեր 8-ին Ախթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի 12-րդ պատարագը

Վանայ լիճի Ախթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի մատուցուելիք  պատարագի նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են:

95 տարուան դադարէ ետք, Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ եկեղեցւոյ մէջ առաջին պատարագը մատուցուած էր 2010 Սեպտեմբեր 19-ին։

2024 Սեպտեմբեր 8-ին, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ հոգեւոր արարողութիւն, որուն կը մասնակցին հազարաւոր զբօսաշրջիկներ Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն, 12-րդ անգամ ըլլալով։

Վանի հայազգի բնակիչ Գայիանէ Գէորգեան «Ակօս» շաբաթաթերթին հետ զրոյցին նշած է, թէ աշխարհի բոլոր հայերը հրաւիրուած են ներկայ գտնուելու Սուրբ Խաչի մէջ մատուցուելիք պատարագին:

***

Ենթադրելով, թէ առասպելական Վանի մէջ բնակող հայուհիի՝ Գայիանէ Գէորգեանի երեւոյթը կրնայ հետաքրքրել մեր ընթերցողներէն շատեր, ամփոփ գիծերու մէջ ստորեւ կը ներկայացնենք անոր պատմութիւնը։ 

Գայիանէ Գէորգեան ծագումով Հայաստանի Մարտունիի շրջանէն է։ Ան 2003-ին աշխատանքի համար հաստատուած է Պոլիս, ուրկէ դէպի Վան իր մէկ ճամբորդութիւնը վճռական եղած է։ Ան որոշած է ի գին ամէն ինչի հաստատուիլ հոն։ Գայիանէի երազանքը իրականութիւն դարձած է 2015 Յուլիսին, երբ վերջնական կայք հաստատած է Վանայ նշանաւոր գաւառներէն Արտամէտի մէջ։   

“Ես միշտ երազել եմ Վանում տուն ունենալու մասին”,– կը յայտարարէ  Գէորգեան, շարունակելով. “Ստամբուլում հանդիպեցի վանեցի մի ընտանիքի եւ նրանց հետ առաջին անգամ գնացի Վան։

Իմ տատիկը Վանի Ոստանից էր, իսկ պապս՝ Էրզրումից. բայց ինձ աւելի շատ դուր եկաւ Վանը։ Ես արդէն տուն ունեմ Վանում եւ կը հրաւիրեմ իմ հարազատներին ու ընկերներին եւ ցոյց կը տամ Վանը. սա մեր հայրենիքն է”։

Գայիանէ Գէորգեան կ՚աւելցնէ, որ թէեւ ինք երկքաղաքացի է (Հայաստանի եւ Թուրքիոյ), սակայն Թուրքիոյ Անշարժ գոյքի վարչութենէն իրեն ըսած են, որ եթէ նոյնիսկ ինք ըլլար միայն Հայաստանի քաղաքացի, դարձեալ որեւէ խնդիր չէր ըլլար Թուրքիոյ մէջ տուն գնելու համար։

Կենդանի օրինակով դիպուկ պատգամ մը պատմական Հայաստանին «տէր կանգնել»-ու, առանց անշուշտ հերքելու որ դժբախտաբար անդին միշտ կը մնայ Թուրքին վստահելու հարց(ական)ը։