SSS 2024 – Sevan Startup Summit 2024-ը (Սեւան արհեստագիտութեան նորաստեղծ ընկերութիւններու վեհաժողով) վրանային գործարարական համաժողով է, որ ոչ-պաշտօնական միջավայրի մէջ տեղի կ՚ունենայ։
SSS 2024-ը կը համախմբէ նորաստեղծ ընկերութիւններու նախաձեռնողներ, գիւտարարներ, ներդրողներ, խօսնակներ, կամաւորներ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ խոհրդատուներ (մենթոր), որոնք իրենց ոլորտին մէջ ճանչցուած են իրենց գիտութեամբ։
SSS 2024-ը, 2016 թուականին ծնունդ առած է եւ այդ թուականէն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Սեւանէն զատ ան տեղի կ՚ունենայ Ռաս ալ Խայմէ կղզիին մէջ (Արաբական Էմիրութիւններ) եւ Կոա (Հնդկաստան)։
Այս տարի SSS 2024-ը գերակատարած է իր առաքելութիւնը թէ՛ կրթական, թէ՛ հանդիպումներու. մասնակցած են 40 երկրէ 150 ընկերութիւններ։
Կրթական ծրագիրը կ՚ընդգրկէ սաղմնային կամ գաղափարի զարգացման ու աճման փուլին գտնուող ընկերութիւններու նուիրուած ծրագրեր. սաղմնային կամ գաղափարի զարգացման համար «մեկնարկող» (starter) ծրագիրը, իսկ աճման հոլովոյթին՝ «խթանող»-ը (bouster)։ Երկու ծրագրերու համար ալ ընտրուած խօսնակները՝ աճման փուլի աշխարհի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն են։ Կան գլուխ-գլխի հանդիպումները 15 վայրկեաննոց, որոնց նպատակն է փորձառութեան փոխանակում, խորհուրդի մատուցում եւ շարժում՝ դէպի յառաջ։
Կայ նաեւ ոչ-պաշտօնականը՝ խարոյկի առջեւ զրոյցներ, յաջողութեան պատմութիւններ, որոնք կը լրացնեն պաշտօնական կրթական ծրագիրը ժամանցով, երեկոյեան համերգներով։
SSS 2024-ը աւարտեցաւ pitching-ի (ծրագրի ամփոփ նկարագրական) նիստերով, ուր մասնակիցները կը ներկայացնեն իրենց ծրագրերը եւ դատակազմի անդամներուն կողմէ կը ստանան գնահատկաններ եւ մրցանակներ։ Անշուշտ լաւագոյն մրցանակը այն է, որ անոնք կը ստանան առաւելագոյնը խորհրդատուներէն եւ իրենց ստեղծած անձնական կապերէն։
***
«Նոր Յառաջ» – Պրն Սամսոն Աւետեան, կը խնդրէինք հակիրճ կերպով բացատրէիք Eqwefy-ի ստեղծումին նպատակը, հեռանկարները։
Սամսոն Աւետեան – Այսօր բարեբախտաբար Հայաստանում աշխատանքի լայն դաշտ կայ համացանցի վրայ գործող արհեստագիտական ոլորտի նորարար ձեռնարկութիւնների (startup) համար։ Այս բնագաւառը շատ զարգացած է եւ այստեղ է որ կարեւոր ներդրումներ են կատարւում։ Եւ այս բոլորը մարմնաւորում է «Սեւան սթարթափ Սամիթ»-ը, որ առողջ միջավայրում է աշխատում։ Մենք փոքր գումարներով (25 եւրոյից սկսեալ) ներդրումներ կատարելու առիթ ստեղծելով, փորձում ենք աջակցել այս ընկերութիւններին։ Կարեւոր է ոչ միայն աջակցելը այլ նաեւ այս ուղղութեամբ գումար աշխատցնելը։ Մենք ուզում ենք սթարթափների միջոցով մի գործիք ստեղծել որպէսզի այդ գումարների՝ Հայաստանում ստեղծած արժէքը օգտակար լինի նաեւ Սփիւռքին, այսինքն Հայաստանը՝ բացի զբօսաշրջութիւնից, ինչ-որ բան վերադարձնի Սփիւռքին։
«ՆՅ» – Քանի՞ տարի առաջ ստեղծած էք ձեր ընկերութիւնը։
Ս. Ա. – Մեր ընկերութիւնը ստեղծուեց 2020-ին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանում։ Սկզբնական փուլին վերլուծում էինք, որպէսզի իմանայինք թէ Հայաստանի մէջ նման ներդրումային հարթակ պէ՞տք է, թէ՞ ոչ։ Եւ անմիջապէս անդրադարձանք, որ պատասխանը դրական է եւ որոշեցինք հիմնել կազմակերպութիւն, որ միաժամանակ ներդրումային ընկերութիւն է, որ կը վերահսկուի Կենտրոնական դրամատան կողմից։ Ունենք եօթը հոգինոց խորհուրդ, որ վերահսկում է աշխատանքները։
«ՆՅ» – Ըստ երեւոյթին, այս ընկերութեան նպատակներէն մէկը այն է, որ ընկերութեան մէջ աշխատողները կարենան ներդրում կատարել այդ նոյն ընկերութեան դրամագլուխին մէջ։ Այս մէկը նորութիւն է եւ թերեւս իրաւական գետնի վրայ որոշ փոփոխութիւններ կը պահանջէ Հայաստանի կառավարութեան իրաւադաշտին մէջ։ Այդպէ՞ս է։
Ս. Ա. – Այդ փոփոխութիւնները արդէն չորս-հինգ տարի առաջ տեղի են ունեցել Եւրոպայում, ԱՄՆ-ում՝ շուրջ տասը տարի առաջ։ Իսկ Հայաստանի մէջ այդ փոփոխութիւնները տեղի ունեցան 2022-ին, եւ ըստ այդմ մենք բոլորս կարող ենք ներդրում կատարել՝ աշխատակից թէ ծրագրող, լաւագոյն սթարթափների մէջ։
«ՆՅ» – Ցարդ քանի սթարթափ ընդգրկած էք ձեր ընկերութեան մէջ։
Ս. Ա. – Մենք տակաւին սկզբնական փուլին ենք գտնւում։ Յոյսով ենք յառաջիկայ Հոկտեմբերին պաշտօնապէս կը սկսենք աշխատել։
«ՆՅ» – Քիչ առաջ ըսիք, թէ նուազագոյնը 25 եւրոյի ներդրում կը կատարէք։ Ինչո՞ւ այդքան փոքրիկ գումարով։
Ս. Ա. – Մի շատ կարեւոր բան պիտի ասեմ. Հայաստանում մենք ուղղուած ենք դէպի սպառում եւ շատ քիչ տեղեկութիւն ունենք խնայողութեան մասին։ Այժմ մենք աշխատում ենք այդ ուղղութեամբ որպէսզի մարդիկ կարողանան թէ՛ խնայել, թէ՛ ներդրում կատարել։ Այդ պատճառով էլ այս փուլին մարդկանց առաջարկում ենք քիչ գումարով ներդրում կատարել եւ արդիւնքը տեսնել։ Մենք ուզում ենք Հայաստանում բոլոր մարդիկ գոնէ (իրենց խնայողական դրամագլխի) հինգ տոկոսով ներդրում ունենան նորարարական սթարթափների մէջ, որ կարողանան նաեւ այդ հարթակին վրայ գումար աշխատել։
«ՆՅ» – Ձեր կարծիքով քանի տարիէն այդ ներդրումները կրնան շահաբեր ըլլալ։
Ս. Ա. – Ըստ իս, որոշ պարագաներում երկու-երեք տարուայ ընթացքին արդէն մարդիկ իրենց ներդրած գումարին կը տիրանան։ Բայց կարող է աւելի երկար տեւել՝ թերեւս հինգից տասը տարի։ Մեր ստեղծած սթարթափը նոր է եւ ժամանակ պէտք է որ շուկայում աշխատի եւ մասնաբաժին ունենայ։ Ասեմ, որ շատ թանկ սթարթափներ էլ ունենք Հայաստանում որ նոյնիսկ մեծ դրամատուներից աւելի թանկ են։
«ՆՅ» – Կրնա՞ք հայկական սթարթափներու երկու-երեք անուն տալ եւ ըսել թէ անոնք որքա՞ն կը գնահատուին։
Ս. Ա. – Ամենաթանկը «Սըրվիս Թայթըն»-ն է, որ հիմնադրուել է Գալիֆորնիայի մէջ եւ 14 միլիառ տոլար կը գնատահուի։ Կան նաեւ Picsart-ը, որ 1 միլիառ տոլարէ աւելի արժէք ունի, Codesignal՝ 800 միլիոն, Krisp-ը…։ Այս ընկերութիւնները աւելի մեծ արժէք ունին քան Հայաստանի մեծագոյն դրամատուները եւ ընկերութիւնները։
«ՆՅ» – Այս ոլորտին մէջ կառավարութեան հետ կը գործակցի՞ք։
Ս. Ա. – Eqwefy-ն մեր պետութեան անկախ հաստատութիւններին մաս է կազմում, աւելի Կեդրոնական դրամատան վերահսկողութեան ենթակայ է եւ առ այդ կառավարութիւնը ուզում է որ այս ոլորտը զարգանայ։ Բայց ուղղակի կապ չկայ կառավարութեան հետ։
Գարուն Կիւլ – Ես շատ ուրախ եմ, որ կը մասնակցիմ այս ընկերութեան աշխատանքներուն եւ կը յուսամ, որ ֆրանսահայ գաղութը պիտի հասկնայ կարեւորութիւնը այս նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ այլ գաղութներ եւ իրենց աջակցութեամբ պիտի կարողանան մաս կազմել այս ոլորտի զարգացումին։
«ՆՅ» – Eqwefy ընկերութեան՝ Սփիւռքի մէջ գործունէութեան մասին ի՞նչ կ՚ըսէիք, նկատի ունենալով, որ ան ուղղուած է նաեւ սփիւռքահայերուն։
Ս. Ա. – Սփիւռքահայութիւնը մեզ համար շատ կարեւոր է։ Մենք ուզում ենք, որ սփիւռքահայի համար էլ Հայաստանից եկամուտ ստանալու, ապրելու միջոց ստեղծուի։ Կարեւոր է որ ամէն մարդ իմանայ որ Հայաստանի մէջ նորարարական արհեստագիտութիւնների բնագաւառը մեծ յոյսեր է ներշնչում եւ այդ ուղղութեամբ կարելի է կայուն եւ երկարաժամկէտ կապեր ստեղծել։
«ՆՅ» – Սփիւռքահայութեան՝ ձեր ընկերութիւնը ներկայացնելու համար, ինչպիսի՞ քայլեր պիտի առնէք։ Քարոզչական ի՞նչ աշխատանք պիտի տանիք։
Ս. Ա. – Մենք երկու-երեք ամիս առաջ Եւրոպա այցելեցինք՝ Փարիզ, Մարսիլիա, Ժընեւ, Պրիւսէլ… իսկ մէկ ամիս առաջ ալ՝ Պոսթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի եւ ամէնուր ներկայացրել ենք մեր ծրագիրը։ Ես անձամբ երկար տարիներ ապրել եմ Շուէտ եւ երկու տարի էլ՝ Պոսթըն, այսինքն Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապեր հաստատելու լայն պատկերացում ունեմ։
Մենք շատ աշխուժ ենք eqwefy.com-ում եւ ընդհանրապէս ընկերային ցանցերում։ Փափաքողը կարող է կապուել եւ իր ուզած տեղեկութիւնները քաղել։
«ՆՅ» – Բացի հայերէն ոեւէ ուրիշ քաղաքացի կրնա՞յ մասնակցիլ ձեր ընկերութեան աշխատանքներուն։
Ս. Ա. – Նախ ասեմ, որ մեզ համար շատ կարեւոր է մեր ընկերութեան մէջ ներդրուած գումարներուն վերահսկողութիւնը եւ առ այդ նախ հայերը պիտի կարողանան ներդրում կատարել, ապա, ժամանակի ընթացքին նաեւ՝ օտարերկրացիները։ Այս վերջինների ներդրումների նկատմամբ վերահսկողութիւնը թերեւս տարբեր կը լինի։ Այսինքն կարեւոր է որ ոչ-հայ դրամագլուխն էլ կարողանայ մասնակցիլ այս գործին։
«ՆՅ» – Կրնա՞ք գաղափար մը տալ «Հայ-թեք»-ի եւ «Այ-Թի»-ի (Hi-tech, IT) ոլորտի՝ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ապագայի ծաւալներու մասին։
Ս. Ա. – Ըստ իս Հայաստանում նորարարութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտի մէջ ունենք սահմանափակ աղբիւրներ։ Միակ հարթակը, որտեղ կարող ենք մեծ արդիւնք ձեռք ձգել նշեալ բնագաւառներն են, որոնք կարող են օգտակար լինել նաեւ մեր պաշտպանութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ Հետեւաբար կը յուսանք, որ այդ կապը կ՚ամրապնդուի ու կը զարգանայ։
Տեսակցեցաւ՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։