Search
Close this search box.

Սթեֆան Սեժուրնէ կ՚ընդգծէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը

Ապրիլ 2-ին Քէ տ՛Օրսէի մէջ Սթեֆան Սեժուրնէի եւ Էնթընի Պլինքընի մամլոյ ասուլիսին ֆրանսական դիւանագիտութեան ղեկավարը ընդգծած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը։

Սթեֆան Սեժուրնէ նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է ի տես լարումի սաստկացման եւ Պաքուէն այդ առնչութեամբ հնչող յարձակողական հռետորաբանութեան ու աւելցուցած, որ Ազերպայճան այդ ձեւով կը փորձէ թէժացման պատասխանատւութիւնը բարդել Հայաստանի վրայ, մինչ վերջինս կը փորձէ խուսափիլ այդ լարումէն:

“Այդ քարոզչութեան մէջ ես շատ մը նմանութիւններ կը տեսնեմ Ռուսաստանի՝ ​​Ուքրաինայի պարտադրածին հետ եւ կը կարծեմ, որ մենք պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք այս երեւոյթին նկատմամբ, մինչ վեց ամիսէն Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ COP 29 համաժողովը”,– աւելցուցած է ան։