Երեւանեան միջազգային թատերական փառատօնի ղեկավարութեան հրաւէրով, Դեկտեմբեր 5-6-ին Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը ներկայացուի ֆրանսահայ դերասան, բեմադիր Սիմոն Աբգարեանի հեղինակած ու բեմադրած թատերական գործը։
Ֆրանսական ազգային թատրոնի «Մոլիէռ» մրցանակի եռակի դափնեկիր «Էլեկտրան թշուառների աշխարհից» («Électre des bas-fonds») թատերական գործը,– ընկերակցութեամբ կենդանի երաժշտութեան եւ տպաւորիչ Chorégraphie-ով,– կը ներկայացուի «Գաբրիէլ Սունդուկեան»-ի բեմին վրայ։
Սիմոն Աբգարեան Հայաստան կը ժամանէ իր «Compagnie des 5 roues» թատերախումբին հետ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։