Սոթքէն մինչեւ Գորիս երկարող ամբողջ սահմանագծին թշնամին վերսկսած է սաստիկ հրթիռահրետանային հարուածները

 

Մինչ Սեպտեմբեր 14-ի առաւօտեան, Հայաստան-Ազերպայճան սահմանին՝ անդորրը քիչ թէ շատ վերահաստատուած կը թուէր, Հայաստանի ժամով 15-ին (Ֆրանսայի ժամով 13-ին) իրավիճակը կրկին ծայրայեղ լարուած էր: Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արամ Թորոսեանի՝ «Արմէնփրէս»-ին հաղորդած տեղեկութեանց՝ Հայաստանի ժամով 13-էն սկսեալ՝ Սոթքէն մինչեւ Գորիս երկարող ամբողջ սահմանագիծին թշնամին վերսկսած էր սաստիկ հրթիռահրետանային հարուածները՝ թիրախաւորելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, լայնօրէն օգտագործելով նաեւ հարուածային անօդաչու սարքեր: 

Յատկանշական է, որ թշնամին հարուածներ հասցուցած է նաեւ մարտական գործողութիւններու գօտիին մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող Ռուսաստանի անվտանգութեան ծառայութեան փոխադրամիջոցներուն:

Սա հերթական վկայութիւնն է, որ հակառակ Պաքուի յայտարարութիւններուն, ազերպայճանական ուժերը տարբերութիւն չեն դներ թիրախներու միջեւ: Հրթիռահրետանային հարուածներուն զուգահեռ ազերպայճանական ստորաբաժանումները վերսկսած են նաեւ յառաջխաղացման փորձերը: Հայաստանի զինուած ուժերը կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն, թշնամիին համարժէք պատասխանելու համար: