Search
Close this search box.

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ

Օգոստոս 18-ին, Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցին նշեց Աստուածամօր Վերափոխման տօնը:

Տօնական օրուան առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ մասնակցեցաւ Պատարագի սրբազան արարողութեան: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան։

Ներկայացնելով տօնի խորհուրդը՝ պատարագիչ Սրբազանը մասնաւորապէս նշեց. «Աստուածամայրը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար կարեւոր դերակատարութիւն ունի։ Ան ըլլալով սովորական մարդ, գիտակցելով մարդկային կեանքի մէջ առկայ դժուարութիւնները, առանց վարանելու, խիզախօրէն անսաց հրեշտակապետի խօսքին՝ դառնալով Մարմնացեալ Աստուծոյ մայրը։ Աստուածամայրը, իր կամքը հնազանդեցնելով Աստուծոյ կամքին, նախ եւ առաջ առիթ ու միջոց եղաւ Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրի իրագործման։ Այդպէսով նաեւ մեզի ուսուցանեց, որ անկախ կեանքի մէջ առկայ իրողութիւններուն, մենք պէտք է հնազանդինք Տիրոջ կամքին»։

Վահան սրբազան հայցեց Աստածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի Աստուած զօրացնէ մեր հաւատքը եւ իւրաքանչիւրիս մէջ արթնցնէ նուիրումի ու քաջութեան ոգին։

Սուրբ պատարագի աւարտին եկեղեցական թափօրը Սուրբ Գայիանէ վանքէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Տրդատի բաց խորան, ուր հանդիսապետութեամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, կատարուեցաւ «Խաղողօրհնէք»-ի հանդիսաւոր արարողութիւն: Օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին: