Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Սեպտեմբեր 22-ին տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստ։
Մայր Աթոռէն կը հաղորդեն, թէ նկատի ունենալով Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը՝ Խորհուրդը որոշում կայացուցած է յետաձգելու Միւռոնօրհնէքը եւ յարակից արարողութիւնները։
Որոշում կայացուած է նաեւ Հոկտեմբեր 1-ը հռչակել Արցախի համար համազգային աղօթքի օր։ Այդ առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ պատարագի կը կատարուի աղօթքի յատուկ կարգ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։