Սուրբ պատարագով նշուած է Չինարիի Խորանաշատ վանական համալիրի հիմնադրման 800-ամեակը

Չինարիի (Տաւուշի մարզ) Խորանաշատ վանական համալիրի հիմնադրման 800-ամեակին առթիվ հնգամեայ ընդմիջումէ ետք, սրբավայրին մէջ եպիսկոպոսական Սուրբ պատարագ մատուցուած է։ Լուրը հաղորդած են ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութենէն։

«Շուրջ հինգ տարի առաջ էր, երբ Խորանաշատի մէջ առաջին անգամ՝ հարիւրամեակներու ընդհատումէ ետք, եպիսկոպոսական Սուրբ պատարագ մատուցուած էր։

Մայիս 28-ին, սրբավայրի հիմնադրութեան 800-ամեակին առիթով, Խորանաշատի մէջ՝ ազերպայճանական դիրքերէն քանի մը տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ, Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան պատարագ մատուցուեցաւ»,– նշուած է ԿԳՄՄ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Արարողութեան ներկայ եղած են ՀՀ ԿԳՄՄ նախարար Վահրամ Դումանեան, նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան, պաշտօնատար այլ անձինք, եւ բազմաթիւ հիւրեր մայրաքաղաքէն ու մարզերէն:

Պատարագին յաջորդած է Անդաստանի արարողութիւնը՝ աշխարհի չորս կողմերու օրհնութեան կարգը, որ Չինարիի համայնքապետարանի յարակից տարածքին մէջ կատարուած է Սուրբ խաչով եւ «Խորանաշատի Աւետարան»-ով։ Աւետարանը (1224 թ.) Չինարի բերուած է Մեսրոպ Մաշտոց մատենադարանէն՝ յատկապէս այս արարողակարգի կատարման համար։

Արարողութիւնը աւարտած է հոգեւոր երաժշտութեան ունկնդրութեամբ։ Այնուհետեւ Չինարի գիւղի Մշակոյթի տան մէջ ներկաները վալելած են Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբին կատարումները։