«Արծիւ գործընկեր-2023» հայ-ամերիկեան ռազմափորձերուն առթիւ Հայաստան ժամանած են զօրավարներ՝ Կրեկորի Անտըրսըն եւ Փաթրիք Էլիս։
Ամերիկացի զօրավարները Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանուհի Քրիսթինա Քվինի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հետեւած են ռազմափորձերուն:
Յիշեցնենք, թէ Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելու նախապատրաստական գործողութիւններու ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան «Զառ» ուսումնական կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենան «Արծիւ գործընկեր-2023» հայ-ամերիկեան ռազմափորձերը՝ 85 ամերիկացի եւ 175 հայ զինուորականներու մասնակցութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։