Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18-ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց՝ նորվեկիացի Կէյր Փետրշընի հետ գումարուած հանդիպումին, որուն ներկայ եղած են նաեւ Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքներ, համայնքապետեր, պապական դեսպանը եւ Բերիոյ Հայոց թեմի յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան։
Հանդիպումին խօսուած է Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակին, ապագային կայացուելիք որոշումներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն շուրջ։
Փետրշըն Սուրիոյ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներուն մասին զեկուցած է եւ յորդորած համբերատար ըլլալ, որովհետեւ երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասնելու համար ժամանակի կը կարօտին։
Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի բանագնացին՝ իր կատարած պատասխանատու աշխատանքին համար եւ անոր հաղորդած Վեհափառ հայրապետին ողջոյնները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։