Տարեմուտէն ասդին, Սուրիոյ մէջ, լրատու հարթակներու հետաքրքրութեան կիզակէտը դարձած է Դամասկոսի Յոյն ուղղափառ պատրիարքարանը։
Պատճառն այն է, որ Եուհաննա Ժ. Եազճի պատրիարքը Յունուար 1-ի ամանորեան իր քարոզին մէջ համարձակ խօսքերով որոշ դժգոհութիւններ արտայայտեց երկրին նոր իշխանութեանց ու աւագանիին հանդէպ։
Ի՞նչ ըսաւ ան։ Երկու բան.
1) Յայտնեց, թէ առ այսօր պաշտօնական հրաւէր չեն ստացած` ի մօտոյ գումարելի համասուրիական ազգային համագումարին մասնակցելու առնչութեամբ։
2) Դիտել տուաւ, թէ «ձեռք մեկնած են» պետական նոր աւագանիին, սակայն փոխադարձութիւն չեն գտած…։
Բազմաթիւ տեղացի լրագրողներ կանխահաս ու անտեղի նկատեցին Պատրիարք սրբազանին դժգոհութիւնները։ Անոնք նկատել տուին որ համասուրիական համագումարի նախապատրաստական աշխատանքները դեռ խմորումի մէջ են, աւարտած չեն, դեռ ո՛չ ոքի հրաւէր ուղղուած է, հետեւաբար` պատրիարքարանը իր սպասումներուն մէջ «պէտք է համբերէ»։ Ինչ կը վերաբերի «ձեռք մեկնել»-ու հարցին, լրագրողները նշեցին որ նոր իշխանութիւնները մնայուն շփման ու հաղորդակցութեան մէջ են քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ եւ ուստի` անտեսումի խնդիր չկայ։
Միւս կողմէ, առջի օր ծագեցաւ դրօշակներու վէճ մը` երբ Եուհաննա պատրիարք իր նստավայրին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը (որ Դամասկոս կ՚այցելէր)։
Սուրիացի լրագրողներ նկատել տուին որ պատրիարքարանի ընդունելութեանց դահլիճին մէջ Սուրիոյ նոր դրօշակը չէր տեղադրուած։ Կար միայն պատրիարքարանի դրօշը։ «Արդեօ՞ք պատրիարքարանը հաշտ աչքով չի դիտեր յեղափոխութեան յաղթանակը», հարց կու տային բազմաթիւ մեկնաբաններ ու քաղաքացիներ։ Անոնք կը հրապարակէին նաեւ նախանցեալ տարիներէն հին լուսանկարներ, ուր միեւնոյն դահլիճին մէջ, պատրիարք սրբազանին գահաթոռին ետին կը տեսնուէր սուրիական նախկին դրօշը…։
«Անկեալ վարչակարգին հին դրօշը ինչո՞ւ չէ փոխարինուած նոր դրօշով», հարց կու տային հարիւրաւորներ, տեղի֊անտեղի անհամար մեկնաբանութիւններով…։
Այս առթիւ, հայկական ճակատի վրայ, գո՛նէ «դրօշակի հարց» չունեցան (եւ չունին) մեր երեք հայ յարանուանութիւնները։ Փառք Աստուծոյ։ Սուրիոյ եռաստղ նոր դրօշը արդէն իր պատուոյ տեղը գտած է մեր համայնքային ու կրթական բոլոր (կամ գրեթէ բոլոր) հիմնարկութեանց մէջ…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Դիմագիրքի իր էջէն)
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։