Search
Close this search box.

ՍՈՒՐԻԱ – Հայ մը զոհ՝ դիպուկահարի մը փամփուշտին

հալէպահայ դոկտ. Երուանդ Արսլանեան (ծնեալ՝ 1958-ին, Հալէպ) Նոյեմբեր 30-ին Հալէպէն դուրս ելած ատեն Սելեմիէի ճամբուն վրայ դիպուկահարի մը արձակած փամփուշտէն վիրաւորուած եւ Համայի հիւանդանոցը փոխադրուած է։ Անոր վիճակը ծանրացած է եւ յաջորդ օրը ան կնքած է իր մահկանացուն։