Սուրիոյ մէջ ամէն օր նորութիւն կայ։
Մեզի` հայերուս համար, հաւանաբար ամէնէն հետաքրքրական նորութիւնները պիտի վերաբերին այն հանդիպումներուն, զորս մեր հոգեւոր կամ համայնքային իշխանութիւնները պիտի ունենան երկրին նոր ղեկավարութեան կամ քրիստոնեայ միւս հաւաքականութեանց հետ, ուրուագծելու համար մեր համայնքային դրուածքին եւ իրաւունքներուն տեսանելի ապագան, յետիշխանափոխութեան սա անցումային եւ անորոշ շրջանին։
Այս ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18-ին, բարձրամակարդակ կարեւոր հանդիպում մը կայացաւ Դամասկոսի մէջ, Յոյն Ուղղափառ պատրիարքարանի երդիքին տակ, ի մի բերելով մայրաքաղաքի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու եւ վանական հաստատութիւններու հոգեւոր պետերը, խորհրդակցութեան եւ միասնական աշխատանքի ձեւաւորման նպատակով։
Համաժողովին կը նախագահէր տանտէրը` Յոյն Ուղղափառաց Եուհաննա Ժ. Եազճի պատրիարքը, որուն կողքին էին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. եւ Յոյն Կաթողիկէ համայնքի Եուսուֆ Ա. պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ պապական նուիրակ Մարիօ Զինարի կարդինալը։
Հայ եկեղեցւոյ կողմէ այս ժողովին կը մասնակցէին թէ՛ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկ. Նալպանտեան եւ թէ՛ ալ Հալէպէն Մակար արք. Աշգարեան, Բերիոյ թեմի առաջնորդը։
Ժողովին իւրայատկութիւնն ու կարեւորութիւնը այն էր, որ սոյն հանդիպումին լայն մէկ բաժնին ներկայ եղաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ յատուկ բանագնացը` նորվեկիացի դիւանագէտ Կիր Փետրսըն, որ օրերէ ի վեր Դամասկոս կը գտնուի արդէն եւ կ՚ունենայ բազմաբնոյթ շփումներ։
Եազճի պատրիարքը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց որ սուրիացի քրիստոնեաները հիւր չեն այս հողերուն վրայ, այլ անբաժանելի մասնիկներն են երկրին պատմութեան, ունին հաւասար իրաւունքներ եւ հաւասար պարտաւորութիւններ` միւս բոլոր քաղաքացիներուն նման։ Ան յոյս յայտնեց որ երկրին մշակելի նոր սահմանադրութիւնը հարկ է որ երաշխաւորէ բոլոր համայնքներուն եւ ազգային խմբաւորումներուն իրաւունքները` քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային երեսներով ու ցոլացնէ ժողովուրդին ակնկալութիւնները։ “Կրօններու եւ անոնց աւանդութեանց նկատմամբ յարգանքը առաջնային պահանջք է”,– ըսաւ պատրիարքը։
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի բանագնացը խօսեցաւ իր հանդիպումներէն ստացած լաւատես տպաւորութիւններուն մասին։ Յայտնեց որ Սուրիան կ՚ապրի նոր շրջանի մը սկիզբը եւ հարկ է համբերատար ըլլալ։ Կարեւորն այն է, որ երկրին բազմապիսի գործերը ընթանան ճիշդ ուղղութեան վրայ ու արագ թափով դարմանուին վէրքերը։
Կը թուի թէ քրիստոնեայ համայնքներու սոյն մէկտեղումին անմիջական պտուղը պիտի ըլլայ համադրող միացեալ յանձնախումբի մը կազմութիւնը, որ իր կարգին` տեւական շփման մէջ պիտի ըլլայ պետական պատկան իշխանութեանց հետ։
Լ. Շ.
(Հալէպ) ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։