Search
Close this search box.

ՍՈՒՐԻԱ – Նոր իշխանութիւններուն դէմ բողոքի առաջին ալիքը

Սուրիոյ փոխանցման կառավարութեան Կրթութեան նախարար՝ Նազիր ալ-Քատիրի

Կրթական ծրագրի «բարենորոգում»-ի փորձը մեծ դժգոհութիւն պատճառած է 

Ինչպէս «Ֆիկառօ» ալ կ՚արձագանգէ Յունուար 6-ի իր թիւով (էջ 4), Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները բողոքի առաջին ալիքի մը դէմ-յանդիման կը գտնուին կրթական ծրագրի հապճեպ «բարենորոգում»-ի փորձի մը հետեւանքով։

Յունուար 1-ի գիշերը, փոխանցման կառավարութեան Կրթութեան նախարար Նազիր ալ-Քատիրի Դիմագիրքի իր էջով յայտարարած է, թէ երկրին բոլոր դպրոցներուն մէջ առաջին դասարանէն մինչեւ երկրորդականի վկայական (Պաքալօրէա), կրթական ծրագիրը պիտի «բարենորոգուի» եւ նոր ծրագիրը պարտադիր պիտի դառնայ Կիրակի, Յունուար 5-էն իսկ։ Այս «բարենորոգում»-ը կը նախատեսէր գիտական ուսմանց առարկային եւ Սուրիոյ պատմութեան առարկայէն որոշ հատուածներու ջնջումը։ Զուգահեռաբար, Իսլամի մասին նիւթեր կը փոխարինէին ազգայինի վերաբերողները, ինչպէս օրինակ՝ «ազգի պաշտպանութիւնը» պիտի փոխարինուէր «Ալլահի պաշտպանութիւն»-ով եւ այլն, այլ խօսքով հայր եւ որդի Ասատի տասնամեակներով օգտագործած «արաբական ազգայնական գաղափարախօսութիւն»-ը իր տեղը պիտի զիջէր «իսլամական փիլիսոփայութեան ծանօթացման»։ 

Առցանց այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք ուսուցիչներ, աշակերտաց ծնողներ, հանրային գործիչներ բողոքի զանգուածային ալիք մը բարձրացուցած են։ Ի տես այս դժգոհութեան՝ Կրթութեան նախարարը յաջորդ օրն իսկ յետքայլ ըրած է, յայտարարելով որ «բարենորոգում»-ը ջնջուած է, բայց ասով հանդերձ որոշ փոփոխութիւններ պիտի կիրարկուին։ Այս միայն մասնակի յետքայլը պատճառ եղած է, որ Յունուար 3-ին, Դամասկոսի մէջ եւ այլուր, քանի մը հարիւր սուրիացիներ իջնեն փողոց։ Դամասկոսի մէջ, Կրթութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած քանի մը տասնեակ ցուցարարները յայտնած են. «Կը կարծեն որ ամբողջ Սուրիոյ մէջ ե՞ւս պիտի կարենան կիրարկել Իտլիպի (որուն կը վերահսկէին ներկայի իշխանութիւնները – «ՆՅ») իրենց գործելաձեւը. սա ա՛նկարելի է»։ Միաժամանակ, ցուցարարները իրենց համաձայնութիւնը յայտնած են, որ ասատական վարչակարգի օրով դասագիրքերու մէջ ներմուծուած Պաաս կուսակցութեան քարոզչութիւնը ջնջուի, բայց դատապարտած են երկրին «բազմերանգ» բնոյթը անտեսելու փորձերը։  

«Ալլահի զայրոյթը առթածները»

Այս բոլոր զարգացումներէն ետք, Կիրակի, Յունուար 5-ին Նազիր ալ-Քատիրի կրկին յայտարարած է, թէ «բարենորոգում»-էն հրաժարած է եւ թէ պիտի պահպանուին «միայն քանի մը անհրաժեշտ փոփոխութիւններ»։ “Մեր գործը չէ դասագիրքերը ամբողջովին վերափոխելը։ Եթէ խորքային բարենորոգում մը հարկ է՝ այդ մէկը ոչ թէ փոխանցման, այլ յառաջիկայ կառավարութեան կը վիճակի։ Մասնագիտական յանձնախումբ մը պէտք է որոշէ այդ մասին”,– ըսած է ալ-Քատիրի «Ֆիկառօ»-ի թղթակիցին։   

Միայն քանի մը փոփոխութիւն կատարելու մասին այս յայտարարութիւնն ալ չէ հանդարտեցուցած կիրքերը, քանի որ անոնց մաս կը կազմեն շատ խնդրայարոյց եւ ծանրակշիռ կէտեր, ինչպէս օրինակ՝ Քուրանի հատուածներէն մէկը, ուր խօսքը կ՚ըլլայ «Ալլահի զայրոյթը առթածներու»։ Այս հատուածին մէջ կ՚աւելցուի քրիստոնեաներու եւ հրեաներու նշումը, որպէս «Ալլահի զայրոյթը առթած մոլորեալներ»։ Ալ-Քատիրի այս հարցին վերաբերեալ ալ ֆրանսացի թղթակիցին ըսած է, որ «խօսքը Մոհամէտի ժամանակաշրջանի քրիստոնեաներուն եւ հրեաներուն մասին է, որոնք չէին յարգեր իսլամ կրօնը»։ Ան աւելցուցած է, որ այսուհետեւ կրօնը կարեւոր տեղ պիտի գրաւէ դպրոցական ծրագրին մէջ, ան ըլլայ իսլամական, թէ քրիստոնէական, եւ բարձր կերպով նկատի պիտի առնուի Պաքալօրէայի, ինչպէս նաեւ համալսարան մուտքի քննութիւններուն։ Կրօնի ուսուցումը պիտի փոխարինէ «ազգային կրթութիւն»-ը, որ կը գովաբանէր Ասատի Պաաս կուսակցութիւնը։ 

Սուրիական հասարակութեան իսլամականացո՞ւմ

Հակառակ կառավարութեան յետքայլին՝ շատերու կարծիքով «բարեկարգում»-ի այս փորձը առաջին նախանշան մըն էր, որ ցոյց կու տայ ներկայի իշխանութեան՝ Հայաթ-Թահրիր ալ-Շամի՝ սուրիական հասարակութիւնը իսլամականացնելու միտումը։ Մասնագէտներու կարծիքով՝ դասագիրքերը փոփոխութեան ենթարկելու կամքը անմեղ չէ ու կը հետապնդէ երիտասարդ սերունդները ըստ իրենց տեսակէտին «խմորել»-ու նպատակը։ 

Շատերու համար մտահոգիչ երեւոյթ է նաեւ կիներու ակնառու բացակայութիւնը կառավարական պաշտօններէ։ Մինչդեռ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները անդադար յայտարարութիւններ կ՚ընեն, որ պիտի պաշտպանուին կնոջական իրաւունքները, հասարակութեան բոլոր խաւերու համարկման համար ջանք պիտի չխնայուի եւ այլն։ 

Այս խոստումները պէտք չէ որ մնան լոկ յայտարարութիւններ, կը կարօտին գործադրման՝ համոզիչ դառնալու համար յաչս սուրիացի ժողովուրդին, որ ծարաւն ունի ժողովրդավարութեան։

***

Նշենք, թէ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկ. Նալբանդեան, կանխելով միջազգային մամուլին մէջ այս հարցին արձագանգումը, Յունուար 2-ին իսկ իշխանութեանց յղուած արաբերէն երկար նամակով մը արդէն յանդուգն կերպով բարձրացուցած էր վերեւ նշուած բոլոր հարցերը եւ աւելին։