Ասատի վարչակարգին տապալումէն աւելի քան երեք շաբաթ անց` երկրին երբեմնի մեկուսացեալ մայրաքաղաքը` Դամասկոս, կարծէք նոր շունչ ստացած է հիմա։ Արդէն դիւանագիտական արտակարգ եռուզեռ մը կը տեսնուի այնտեղ։ Գրեթէ ամէն օր օտար բարձրամակարդակ պատուիրակութիւններ կը ժամանեն հոն` նոր իշխանութեանց զօրակցութիւն յայտնելու, դիւանագիտական կապեր վերահաստատելու, դեսպանատուներ վերաբանալու…։
12 տարիէ ասդին Սուրիա կ՚ապրէր կատարեալ մեկուսացում մը։ Նոյնիսկ սահմանակից երկիրներ կռնակ դարձուցեր էին իրեն։ Անդադար Դամասկոս կ՚երթեւեկէին լոկ իրանցի եւ ռուս պետական֊զինուորական դէմքեր, քանի որ երկիրը յանձնուած էր անոնց «հոգատարութեան»…։
Այժմ իրավիճակը յեղաշրջուած է հիմնովին։
Անցնող երկու շաբաթներուն Դամասկոս հիւրընկալեց Թուրքիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, ՄԱԿ-էն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Քաթարէն, Քուէյթէն, Լիպիայէն, Ուքրանիայէն եւ… Ազերպայճանէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Կը խօսուի երկկողմանի բազմաբնոյթ ծրագրերու մասին։
Ներքին ճակատը նոյնքան «տաք» է ու կ՚եռեւեփի։ Դեռ երկիրը վիրաւոր է անշուշտ եւ կը դիմագրաւէ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ։ Նախկին վարչակարգին կոյր ռմբակոծումները աշխարհագրական շատ լայն քարտէսի մը վրայ համատարած քանդումներ եւ աւերակոյտեր թողած են։ Օտար 3 երկիրներ` Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա զինական ուժեր կը պահեն Սուրիոյ հողերուն վրայ, իսկ քրտական զինեալ ջոկատներ կը վերահսկեն երկրին հիւսիս֊արեւելեան շրջանները եւ տեւական բախումի մէջ են Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուող զինեալ խմբաւորումներու հետ…։
Հայկական ճակատի վրայ տարեվերջի ուշագրաւ լուրը նոր իշխանութեանց երկու ներկայացուցիչներու պաշտօնական այցն էր Հալէպի հայոց Ազգ. առաջնորդարան, Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30-ին, Լատին համայնքի Հաննա Ճալլուֆ եպիսկոպոսին ընկերակցութեամբ։
Երկու երիտասարդ պատուիրակները` Մուհամմէտ Մուսաթթաթ եւ Լուէյ ալ-Սէյյէտ, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ մէկտեղուեցան Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի ու թեմական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն հետ։ Անոնք տեղեկութիւններ ստացան թեմին կառոյցին, վարչական ու կրթական գործունէութեան եւ սուրիահայութեան տեղաբաշխումին մասին։
Զրուցակիցները մտքերու փոխանակում ունեցան նաեւ շուտով գումարելի սուրիական ազգային համընդհանուր համագումարին մասին, որ կը խոստանայ մէկտեղել երկրին բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը եւ գծել Սուրիոյ ապագային տեսական հեռանկարները։
Այս հանդիպումէն ընդամէնը 24 ժամ ետք, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31-ին, առաջնորդ Մակար արք. Դամասկոս մեկնեցաւ ու միանալով քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու մեծաթիւ խումբի մը (շուրջ 40 հոգի)` մասնակցեցաւ նոր իշխանութեան գլխաւոր պետ Ահմէտ Շարհի հետ կայացած ընդլայնուած հանդիպումի մը։ Ասորի, յոյն, լատին եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւորականներուն կողքին` այս տեսակցութեան մասնակից էին նաեւ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկ. Նալպանտեան եւ Կաթողիկէ հայոց ժողովրդապետ Գէորգ վրդ. Պահէեան։
Լրատու աղբիւրներ այս շատ կարեւոր լուրը տուին ընդամէնը մէկ-երկու նախադասութեամբ։ Բայց լուսանկարները պերճախօս էին, եւ ակնյայտ էր որ հանդիպումը «պատմական» էր։ Հալէպի Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պութրոս Քասիս սրբազանը յայտնեց, թէ «քրիստոնեայ համայնքապետերը Սուրիոյ ղեկավարին յայտնեցին գործակցելու իրենց պատրաստակամութիւնը, մինչ հրամանատար Շարհէն կը լսէին դրական խօսքեր, որոնք յստակ պատկերացում մը կ՚ուրուագծէին երկրին ապագային նկատմամբ»։
Տարին կը փակուէր ա՛յս հանդիպումով, բայց Նոր տարուան առաջին օրը իր հետ կը բերէր ուշագրաւ պարագայ մը։
Արդարեւ, Ամանորի առթիւ, Յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարքը` Եուհաննա Ժ. (նստավայրը` Դամասկոս), Յունուար 1-ի Տարեմուտի իր պատգամին մէջ կարեւոր անդրադարձումներ ունեցաւ սուրիական իրադարձութեանց մասին։
Դամասկոսի պատրիարքանիստ տաճարէն ներս պատարագի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ` պատրիարքը նախ յիշեցուց որ քրիստոնեաները եկուորներ չեն Սուրիոյ մէջ, այլ 2000 տարուան բնիկներ։ Յետոյ ան ողջունեց Ահմէտ Շարհը եւ դիտել տուաւ որ ի սկզբանէ ձեռք երկարեցին նոր ղեկավարին, բայց առ այսօր անմիջական հաղորդակցութիւն մը չշօշափեցին անկէ։ “Մեր Ս. Աթոռը այս հայրենիքին շարք մը նախագահները հիւրընկալած է իր երդիքին տակ. այս տունը բաց է նաեւ հրամանատար Շարհի առջեւ”,– ըսաւ պատրիարքը եւ ափսոսանք յայտնեց որ ազգային ընդհանուր համագումարին սեմին` տակաւին ո՛չ ոք հաղորդակցած է իրենց հետ։
Պատրիարքը այս առթիւ դիտարկումներ կատարեց նաեւ պատմութենէն։ Ոգեկոչեց իր նախորդներէն Կրեկորիոս Հատտատ պատրիարքը, որ ազգային անշեղ դիրք մը որդեգրած էր 1920-ին, ֆրանսական գաղութարար իշխանութեանց հակառակ` գործակցելով արաբական ազգայնական հոսանքներուն հետ։
Յոյն ուղղափառաց պատրիարքին վերոնշեալ ակնարկութիւնները արձագանգ գտան զանազան հարթակներու վրայ, մանաւանդ որ պատարագն ու քարոզը ուղղակի հաղորդումով ամբողջովին կը սփռուէին լիբանանեան շարք մը կայաններու կողմէ։
Լ. Շ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։