Search
Close this search box.

Սուրիոյ պատերազմը եւ Միջին Արեւելքի արեւմտահայ վերջին միջնաբերդի անկումը

Նոյեմ­բեր 27-ին, Հա­լէպ, մի քա­նի  տա­րուան յա­րաբե­րական հան­դար­տութե­նէ ետք, նո­րէն անակնկալ յար­ձակու­մի են­թարկուեցաւ, հա­զիւ Լի­բա­­նա­նի սահ­մա­նին հրա­դա­դար հաս­տա­տուած։ Որո՞ւ կողմէ։ Թուր­քիոյ զի­նած եւ հո­վա­նա­ւորած եր­կու կա­րեւոր զի­նեալ խմբա­ւորումնե­րու՝ ար­մա­տական իս­լա­մապաշտ Հա­յաթ Թահ­րիր Շա­մի եւ Սու­րիոյ ազատ բա­նակի ու­ժե­րուն, որոնցմէ առա­ջինը կեդ­րո­նացած է Սու­րիոյ հիւ­սիս-արե­ւել­քը, Իտ­լի­պի նա­հան­գին մէջ, որ սահ­մա­նակից է Թուրքիոյ. իսկ երկրոր­դը կեդ­րո­նացած՝ Սու­րիոյ հիւ­սի­սային՝ քրտա­կան տնօ­րինու­թեան են­թա­կայ շրջան­նե­րու մէջ, նո­րէն Թուրքիոյ սահ­մա­նին։ Այս եր­կու զի­նեալ խմբա­ւորումնե­րը խախ­տե­լով 2017-ի Աս­տա­նայի պայ­մա­նագի­րը՝ Նո­յեմ­բեր 27-ին միաժամանակ յարձակեցան Հալէպի վրայ։ Եւ կա­րեւոր ընդգծե­լի յատ­կա­նիշ մը՝ ան­ցեալին իրա­րու մրցա­կից այս խմբա­ւորումնե­րը այս ան­գամ առանց իրա­րու դէմ կռուելու գրո­հեցին։ 

Թուրքիոյ կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս յար­ձա­կու­մը կրնայ ունենալ ծանր հե­տե­ւանք­ներ նախ եւ առաջ նոյնինքն Թուրքիոյ հա­մար, եթէ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը պար­տուին կամ տկա­րանան։ Այդ կը նշա­նակէ որ պի­տի զօ­րանայ ու ամ­րապնդուի քրտա­կան ժո­ղովրդա­յին ու­ժե­րու իշ­խա­նու­թիւնը յատ­կա­պէս՝ Ռոժավա­յի ինքնա­վարու­թիւնը, որ կը վա­յելէ ԱՄՆ-ու, Իս­րա­յէլի, Արեւ­մուտքի ռազ­մա­կան նե­ցու­կը։ Իսկ Թուրքիոյ գլխա­ւոր մտա­վախու­թիւնը քրտա­կան ազ­դա­կի հզօ­րացումն է ու ամ­րապնդու­մը։ Այդ կը նշա­նակէ նաեւ Ռու­սաստա­նի եւ Իրա­նի հետ անոր յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն վատ­թա­րացու­մը,– Աս­տա­նայի մէջ նշեալ երեք պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ ձեռք­ բե­րուած հա­մաձայ­նութեան խախ­տումով,– ինչպէս նաեւ Արա­բական պե­տու­թիւննե­րու հետ, որոնք չեն ըն­դունիր Սու­րիան տես­նել Թուրքիոյ տի­րապե­տու­թեան ներ­քոյ, մաս­նա­ւորա­պէս Կա­զայի մէջ եւ Լի­բանա­նի դէմ Իս­րա­յէլի գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նական ոճիր­նե­րէն ետք։

Եր­կար ժա­մանակ է որ Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը սու­րիական կա­ռավա­րու­թեան կոչ կ՚ուղղէր բա­նակ­ցե­լու Սու­րիա–Թուրքիա յա­րաբե­րու­թիւննե­րը բա­րելա­ւելու հա­մար, ի մտի ու­նե­նալով քրտա­կան ժո­ղովրդա­յին ու­ժե­րու դէմ պայ­քա­րը։ Սա­կայն, նա­խագահ Ասատ միշտ նա­խապայ­ման դրած էր թրքա­կան ու­ժե­րու հե­ռացու­մը սու­րիական տա­րած­քէն։

Նկա­տի առ­նե­լով Սու­րիոյ երեք կա­րեւոր դաշ­նա­կից­նե­րու՝ Հեզ­պալլա­հի, Իրա­նի եւ Ռու­սաստա­նի այլ ռազ­մա­ճակատ­նե­րու վրայ զբա­ղուա­ծու­թիւնը,– եր­կուքը՝ Իս­րա­յէլի եւ եր­րորդը՝ Ուքրաինա­յի դէմ,– Թուրքիոյ զի­նակից ու­ժե­րուն դժուար չե­ղաւ չէզոքաց­նել արիւ­նա­քամ սու­րիական բա­նակը, գրա­ւել Հա­լէպը եւ յա­ռաջա­նալ մին­չեւ Հա­մա քա­ղաքը։ Սա­կայն, Ռու­սաստա­նի հա­մար որ­քան ալ Ուքրա­ինայի ճա­կատը կա­րեւոր ըլ­լայ, նոյնքան ալ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նի Սու­րիան եւ այնտեղ գտնուող իր ռազ­մա­կայա­նը։ Իսկ Իրա­նի հա­մար Սու­րիան կա­րեւոր օղակ մըն է զինք Լի­բանա­նի ու Հեզ­պալ­լա­հին կա­պով։ Ար­դէն բարձր­աս­տի­ճան մա­կար­դա­կի կա­պեր հաս­տա­տած է Սուրիա այդ եր­կու եր­կիրնե­րուն հետ, հա­կայար­ձա­կու­մը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։

Այս պայ­մաննե­րուն մէջ, Թուրքիա՝ շրջան­ցե­լու հա­մար Սու­րիոյ նա­խագա­հին մեր­ժումը, պի­տի փոր­ձէ իր կայ­ծակ­նա­յին յար­ձա­կու­մի յաղ­թա­նակը խա­ղաթուղթ գոր­ծա­ծելով՝ Ռու­սաստա­նի եւ Իրա­նի մի­ջոցով պար­տադրել Պա­շար ալ Ասա­տին, որ բա­նակ­ցութիւննե­րու սե­ղան նստի։

Պա­տերազ­մա­կան այս բարդ իրա­վիճա­կին մէջ մեզ կը հե­տաքրքրեն Մի­ջին Արե­ւել­քի արեւմտա­հայ հա­մայնքնե­րը։ 2011-ի Սու­րիոյ պա­տերազ­մի բռնկու­մով, անոնք ստա­ցեր էին իրենց վեր­ջին ճա­կատագ­րա­կան հա­րուա­ծը։ Լի­բանան, Իրաք, Եգիպ­տոս, Յոր­դա­նան, Պա­ղես­տին, բո­լորը 1960-էն սկսեալ պար­բե­րաբար քա­ղաքա­կան յե­ղաշրջումնե­րու եւ արաբ-իս­րա­յէլա­կան պա­տերազմնե­րու ստեղ­ծած քա­ղաքա­կան ան­կա­յու­նութեան են­թարկուեցան, պատ­ճառ դառնալով հա­զարա­ւոր հա­յոր­դի­ներու Մի­ջին Արե­ւել­քէն դէ­պի Արեւ­մուտք գաղ­թին եւ ոմանց՝ դէ­պի Հա­յաս­տան։ Մնա­ցած էր Սու­րիան. Սու­րիոյ հայ հա­մայնքը, որ կա­յուն էր ու կեն­սունակ, Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ հայութեան վեր­ջին ան­խախտ միջ­նաբերդը կը հանդիսանար։ Ան ալ արաբական գարունին հետ, Սուրիոյ իշխանութեան խախտումով քանդուեցաւ։ 90-100 հազար հաշուող համայնքը իջաւ 10 հազարի։ Հալէպ, Դամասկոս, Ղամիշլի, Տէր Զօր… կը ներկայացնէին Ցեղասպանութենէն ետք այն կայացած համայնքները, որու անդամները հանգրուանած էին հոն՝ Թուրքիոյ սահմանին, իրենց ծննդա­վայրերուն ամէնէն մերձա­կայ երկիրը։

Ժ.Չ. ■