Search
Close this search box.

«Սուրմալու»-ի պայթումին զոհերու թիւը հասած է 16-ի

Փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած ահաւոր պայթումին հետեւանքով փլատակներէն քաղաքացիները որոնելու աշխատանքները կը շարունակուին։ Զոհերու թիւը հասած է 16-ի, որոնց մէջ յղի կին մը եւ մանկահասակ երախայ մը։

Նշենք, թէ հիւանդանոցներու մէջ դարմանուող 60 վիրաւորներէն 12 հոգի տակաւին բուժում կը ստանան, իսկ մնացեալ 48 վիրաւորները՝ ելած են հիւանդանոցէն։

Օգոստոս 16-ին տակաւին կը փնտռուին 8 քաղաքացիներ։

Փրկարարական աշխատանքներու աւարտին Հայաստանի մէջ սուգի օր կը յայտարարուի։

Կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ ցարդ հարցաքննուած են երկու տասնեակէ աւելի քաղաքացիներ։

Ողբերգական դէպքին առիթով, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը ցաւակցած եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են հայ ժողովուրդին։ 

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Յունաստանի, Իրանի, Լիբանանի, Չինաստանի եւ այլ երկիրներու դեսպանութիւնները եւս ցաւակցութիւն յայտնած եւ վիրաւորներուն արագ ապաքինում մաղթած են։