Բեմադիր Ատոմ Եղոյեան արժանացած է Սպանիոյ Պենալմատենայի միջազգային փառատօնի մրցանակին: Հոկտեմբեր 19-ին ան ստացած է «Niña de Benalmádena» մրցանակը։ Հարկ է նշել, թէ 1998-էն ի վեր սոյն մրցանակին արժանացած են հեղինակաւոր բեմադիրներ՝ Քեն Լոչ, Կիյերմօ տել Թորօ, Ճիրի Մենզել, Վոլխեր Շլէօնտորֆ եւ ուրիշներ:
Կարճ եւ այլընտրանքային ֆիլմերու սոյն փառատօնին բացումը կատարուած է Եղոյեանի «Էկզոթիքա» (1994) ժապաւէնով եւ անոր ֆիլմարուեստին նուիրուած այլ ցուցադրութիւններով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։