Search
Close this search box.

ՍՊԱՆԻԱ – Եւրոպայի եկեղեցիներու 11-րդ համաժողովը

Յուլիս 7-10, Սպանիոյ Մալակա քաղաքին մէջ կայացած է Եւրոպայի եկեղեցիներու կողմէ կազմակերպուած, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան նուիրուած «Պաշտամունքի վայրերու եւ մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը, նիւթական, քաղաքական եւ իրաւական պաշտպանութիւնը» խորագիրը կրող ամառնային 11-րդ համաժողովը, որ համախմբած է Եւրոպայի եկեղեցիներու եւ գործընկեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցող պատերազմներու եւ ռազմական բախումներու համածիրին մէջ Եւրոպայի եկեղեցիները մշակած են «Խաղաղութեան ուղիներ» նախագիծը, ատով իսկ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան հարթակ տրամադրելով կառոյցին անդամ եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ քննարկելու տարածաշրջանի պատերազմներու հետեւանքով յառաջացած մարտահրաւէրները՝ ներառեալ արդարութեան եւ ազատութեան միջոցով խաղաղութեան հաստատումը, մարդկային հիմնական իրաւունքներու եւ կրօնի ազատութեան, գաղթականներու եւ բռնի տեղահանուած ժողովուրդներու իրաւունքներու եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։

Սոյն համաժողովին Հայ Առաքելական եկեղեցին ներկայացուցած է Եւրոպայի եկեղեցիներու կառավարման խորհուրդի անդամ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան։ Ան հանդէս եկած է Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, սրբավայրերու պաշտպանութեան եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան հիմնական իրաւունքներու հրատապ վերականգնման հրամայականի վերաբերեալ զեկոյցով։