Սպանիոյ մէջ լոյս տեսած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին փաստագրական գիրքը։ Լուրը կը հաղորդէ ՀՀ դեսպանութիւնը։
Այս առիթով Յունիս 13-ին դեսպան Սօս Աւետիսեան ընդունած է գիրքին հեղինակը՝ Մատրիտի Սան Փապլօ համալսարանի դասախօս, քաղաքական վերլուծաբան, լրագրող Ռիքարտօ Ռուիս տէ լա Սերնան։
Դեսպանը ընդգծած է այս հրատարակութեան կարեւորութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ սպանացի հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու առումով։
Գիրքը արդէն կը վաճառուի Սպանիոյ բոլոր գրախանութներուն մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։