ՍՊԱՆԻԱ. Մալակայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բացումը կատարուած է

 

Յուլիս 21-էն 23 Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ` Խաժակ արք. Պարսամեան, հովուական այցով Սպանիոյ հարաւը գտնուող Մալակա քաղաքը այցելած է: Այցին նպատակը Մալակայի նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ «Դռնբացէք»-ի եւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւններն էին: 

Արարողութենէն առաջ Սրբազան հայրը, ուղեկցութեամբ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ նորհք աբղ. Սարգսեանի, հանդիպում ունեցած է տեղւոյն եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ` քննարկելու համար յառաջիկային եկեղեցւոյ վերջնական օծման, կիրակնօրեայ դպրոցի բացման եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ ըստ պատշաճի կազմակերպելու հարցերը: Ժողովէն ետք, Խաժակ արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ եւ ընթերակայութեամբ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդին` կատարուած է եկեղեցւոյ «Դռնբացէք»-ի արարողութիւն եւ Սրբապատկերի օծման կարգ: Արարողութեան աւարտին Սրբազան հայրը խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն նշած է, որ այս եկեղեցին պէտք է ըլլայ բոլոր Հայերու տունը: Սրբազան հայրը նաեւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղած է բոլոր բարերարներուն, որոնք մտայղացած ու միասնականօրէն իրականութիւն դարձուցած են Սպանիոյ մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցի ունենալու գաղափարը, որ ի դէպ առաջին հայկական եկեղեցին է ամբողջ Սպանիոյ տարածքին: 

Յաւարտ եկեղեցական արարողութիւններուն, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է դասական համերգ, ուր հնչած են Կոմիտասի Պատարագէն հատուածներ եւ կոմիտասեան այլ ազգային երգեր: ■