Search
Close this search box.

ՍՊԱՆԻԱ – Վարչապետ Փաշինեան Կրանատայի մէջ մասնակցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի համաժողովին

Ալիեւ վերջին պահուն հրաժարած ըլլալով մասնակցելէ՝ նախատեսուած հնգակողմին փոխարէն տեղի ունեցած է քառակողմ հանդիպում

Հոկտեմբեր 5-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սպանական Կրանատա քաղաքին մէջ մասնակցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի երրորդ համաժողովին:

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչես դիմաւորած է աւելի քան չորս տասնեակ երկիրներու ղեկավարները։ Այնուհետեւ սկսած են համաժողովի աշխատանքները: 

Վարչապետը մասնակցած է նաեւ «Բազմակողմանիութիւն, ներառեալ անվտանգային եւ աշխարհաքաղաքական խնդիրներ» նիւթին շուրջ կլոր-սեղանին:

Ան ժողովի շրջանակին մէջ կարճատեւ զրոյցներ ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի, Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսկիի եւ շարք մը երկիրներու ու կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։

հնգակողմ հանդիպումը տեղի չէ ունեցած՝  Ալիեւ վերջին պահուն հրաժարած ըլլալով մասնակցելէ

Ալիեւ Հոկտեմբեր 4-ին յայտարարած է, թէ կը հրաժարի Սպանիա մեկնելէ եւ հանդիպում ունենալէ Հայաստանի վարչապետին հետ՝ Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու մասնակցութեամբ։

Ըստ ազերպայճանական աղբիւրներու՝ Ալիեւի մերժելու պատճառը Ֆրանսայի «ապակառուցողական» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) դիրքորոշումն է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահին՝ հանդիպումին մասնակցելու Փարիզի եւ Պերլինի անհամաձայնութիւնը։ Նման պայմաններու տակ Ազերպայճան կը մերժէ բանակցիլ։

Նախապէս թրքական լրասփիւռները հաղորդած էին, թէ Էրտողան պաղառութեան պատճառով պիտի չերթայ Կրանատա։