Հոկտեմբեր 15-ին, Մատրիտի «Cine Doré» թատերասրահին մէջ, Սերգեյ Փարաճանովի երեք կարճ ֆիլմերու (triptyque) ցուցադրութեամբ ծայր առած է մեծանուն բեմադիրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւններու շարքը։
Ցուցադրումէն առաջ Փարաճանովի ստեղծագործական կեանքին, գործունէութեան ու ժառանգութեան նուիրուած ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի դեսպան Սօս Աւետիսեան եւ Մատրիտի Գոմփլութենսէ համալսարանի փրոֆ. Ֆրանսիսքօ Խոսէ Կարսիա Ռամոս։
Աւելի քան 300 ակնդիրներու շարքին եղած են Սպանիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, օտար երկիրներու դիւանագէտներ, սպանացի հասարարակական, մշակութային գործիչներ, լրագրողներ, Սպանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։