Search
Close this search box.

Սպասման շրջան

Պոլսոյ մէջ Հոկ­տեմբեր 18-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ 3+3 (Թուրքիա, Իրան, Ռու­սաստան / Հա­յաս­տան, Ազեր­պայճան եւ Վրաս­տան. վեր­ջինս չէ մաս­նակցած) ձեւաչա­փով՝ Արտաքին գործոց նա­խարար­նե­րու հան­դի­պու­մը, որուն ըն­թացքին տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ազերպայճանի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րու առանձնա­կի հան­դի­պու­մը։ Ըստ տա­րածուած հա­ղոր­դագրու­թեան՝ Միր­զոյեան եւ Պայ­րա­մով պի­տի շա­րու­նա­կեն «խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նագիր»-ի շուրջ բանակ­ցութիւննե­րը. «համաձայնած են շա­րու­նա­կել իրենց ջան­քե­րը պայ­մա­նագ­րի վերջնա­կանաց­ման եւ սեղմ ժամ­կէտի մէջ զայն կնքե­լու հա­մար»։

Այս առ­թիւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նա­խարար Լաւրով յայ­տա­րա­րեց, որ Մոս­կուա, Ան­գա­րա ու Թեհ­րան առա­ջար­կած են Երեւանին ու Պա­քուին 3+3 ձեւաչա­փը դի­տար­կել որ­պէս «խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագի­ր»-ի շուրջ աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կելու եւ աւար­տին հասցնե­լու հար­թակ։ Յստակ է որ Ռու­սաստանի, Իրանի ու Թուրքիոյ՝ տա­րածաշրջա­նի երրեակ այս ու­ժե­րու մտադ­րութիւ­նը Արեւ­մուտքը հե­ռու պա­հել է Հա­րաւա­յին Կով­կա­սէն։ Լաւրո­վ չէ զլա­ցած ան­գամ մը եւս պնդե­լ, որ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի ամե­նամեծ սպառ­նա­լիքը՝ ար­տա­տարա­ծաշրջա­նային ու­ժե­րու ներգրա­ւումն է. բնա­կանա­բար նկա­տի ու­նի ԱՄՆ-ն եւ մաս­նա­ւորա­պէս ԵՄ-ի դի­տոր­դա­կան առա­քելու­թիւնը։

Հա­կառակ յոռետես են­թադրու­թիւննե­րու, 3+3 հար­թա­կի Պոլսոյ հան­դի­պու­մին եզ­րա­փակիչ յայ­տա­րարու­թիւնը ար­տաքնա­պէս շատ դրա­կան ու յու­սադրիչ կոչ է,– մա­՛նաւանդ՝ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան խօ­սոյ­թին հա­մահունչ,– ուր նշուած է. «Ընդգծե­լով վէ­ճերու խա­ղաղ կար­գաւոր­ման կարեւորու­թիւնը, նա­խարարնե­րը վե­րահաս­տա­տեցին իրենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ինքնիշ­խա­նու­թեան, տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կա­նու­թեան, երկիրնե­րու ներ­քին գոր­ծե­րուն չմի­ջամ­տե­լու, ու­ժի սպառ­նա­լիքի կամ կի­րառ­ման բացառման եւ մար­դկային իրա­ւանց յարգանքի սկզբունքնե­րուն։ Ու­նե­նալ բա­րիդ­րա­ցիական յա­րաբե­րու­թիւններ, որոնք կը բխին փոխադարձ շա­հերու ուղղուած ընդհա­նուր ջան­քե­րէ»։ Նա­խարար­նե­րը ընդ­գծած են նաեւ՝ «տա­րածաշրջա­նային տնտե­սական հա­մագոր­ծակցու­թեան դրա­կան դե­րը՝ վստա­հու­թեան, բար­գա­ւաճ­ման եւ կա­յու­նութեան ամ­րա­պնդման տեսանկիւնէն»։ Մէկ խօս­քով այս յայ­տա­րարու­թեան մէջ նե­րառ­ուած են այն բո­լոր սկզբունքնե­րը, որոնք բա­ցի Հա­յաս­տա­նէն՝ ոտ­նա­կոխուած են միւս մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ, յատ­կապէս՝ Ազեր­պայճա­նի։

Սկզբունքնե­րէն ան­դին՝ այս յայ­տա­րարու­թիւնը ամ­բողջո­վին կը հա­կասէ Ազեր­պայճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Պայ­րա­մովի յայ­տա­րարու­թեան, ուր ան դարձեալ պնդած է Սահ­մա­նադ­րութեան փո­փոխու­թեան վրայ, իբ­րեւ Հա­յաս­տա­նի հետ խա­ղաղու­թեան դա­շինք կնքե­լու պայ­ման։ Իսկ ի՞նչ ըսել Թուրքիոյ մա­սին, որ տա­կաւին Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նի բա­ցու­մը կը պայ­մա­նաւո­րէ Հա­յաս­տան–Ազեր­պայճան խա­ղաղու­թեան դա­շին­քով։ 

ԱՄ­Ն-ու նա­խագա­հի Եւ­րո­պայի գրա­սենեակի աւագ տնօ­րէն Մայքըլ Քար­փենթըր Ճօ Պայ­տը­նի անձնա­կան նա­մակ­նե­րը յանձնած է Ազերպայճանի նա­խագա­հին եւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին, ուր ան կ՚ընդգծէ Միաց­եալ Նա­հանգնե­րու պատ­րաստա­կամութիւ­նը՝ տա­րածաշրջա­նին մէջ խա­ղաղու­թեան ու կա­յու­նութեան ապա­հովու­մին։ 

Միր­զոյեան–Պայ­րա­մով վեր­ջին հանդի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցած էր Սեպ­տեմ­բեր 26-ին Նիւ Եորք, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլին­քը­նի նա­խաձեռ­նութեամբ։ Նախա­րարութեան բանբեր Մեթ­իու Միլ­լըր յայտա­րարած է, որ ԱՄՆ հայ-ազեր­պայճանա­կան խա­ղաղու­թեան պայ­մանագի­րի ստո­րագ­րումը եր­բեք չէ կա­պած Կլի­մայի նո­յեմ­բե­րեան վեհա­ժո­ղո­վին հետ եւ շեշ­տած է որ պայ­մա­նագի­րը ստո­րագ­րողնե­րը Հա­յաս­տանն ու Ազերպայճանն են, ոչ թէ Ուա­շինկ­թընը։ 

Մէկ խօս­քով՝ տա­րածաշրջա­նի եւ ար­տա­տարա­ծաշրջա­նի դերակա­տարնե­րէն ոչ մէ­կը ցան­կութիւնն ու յանդգնու­թիւնը ու­նի Ազեր­պայճա­նը սան­ձե­լու կամ պատ­ժե­լու։ Վեր­ջինս իր Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րի բեր­նով հրա­հան­գած է բա­նակին պատ­րաստ ըլ­լալ դի­մակա­յելու հայ վրի­ժա­ռու­­նե­­­րու (ռը­­վան­­շիստնե­­րու) յար­­ձա­­­կումնե­­րուն։ ԱՄՆ-ու նա­­խագա­­հական ընտրու­­թեան ար­­դիւնքը եւ COP29 կլի­մայի վեհա­ժողո­վի ար­դիւնքը կրնան իրա­վի­­ճա­կը փո­խել, ինչպէս նաեւ Իս­րա­յէլի լայ­նա­ծաւալ յար­ձա­կում մը Իրա­նի վրայ։ Այ­լա­պէս՝ ոչ-պա­տերազմ, ոչ-խա­ղաղու­թիւն դրու­թիւնը կրնայ դեռ եր­կա՜ր շա­րու­նակուիլ։

Ժ.Չ. ■