Search
Close this search box.

«Սպիտակ վանք» համալիրի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է հայկական եկեղեցի

Ս. Աստուածածին եկեղեցին հարաւ-արեւելքէն

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի արշաւախումբը պեղումներ կը կատարէ Արարատի մարզի Լանջանիստ գիւղի «Սպիտակ վանք» համալիրի տարածքին մէջ, ուր յայտնաբերած է հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, յարակից տապանավայրը, օժանդակ շինութիւններ:

14-րդ դարու սկիզբին վերագրուող եկեղեցին կառուցուած է սպիտակ, սրբատաշ աւազաքարով, ուրկէ ալ՝ «Սպիտակ վանք» ժողովրդական անունը։

Հիմնարկէն կը հաղորդեն, որ նորայայտ եկեղեցւոյ պատերը պահպանուած են գրեթէ 1,5 մեթր բարձրութեամբ, խորանին իր տեղը յայտնաբերուած է Սուրբ սեղանը, իսկ հիւսիսային պատին՝ մկրտութեան աւազանը:

Նորայայտ եկեղեցւոյ խորանին պահպանուած Սուրբ սեղանը եւ մկրտութեան աւազանը

Պեղումներուն շնորհիւ երեւան եկած են նաեւ բազմաթիւ տապանաքարեր, որոնց մէկ մասը կը կրէ մարդկային կերպարներ, որ բնորոշ է 13-14-րդ դարերուն, ինչպէս նաեւ մէկ մոնղոլական դրամ: