Սեպտեմբեր 27-ին՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի տարելիցին օրը, Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ, նորակառոյց «Լուսոյ խորան» յուշակոթողին մօտ, յատուկ արարողութեամբ ոգեկոչուած է յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան նահատակուած զինուորներու յիշատակը:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Սահակ վարդապետ Շաքարեանի ձեռամբ կատարուած է «Լուսոյ խորան» կոթողի օրհնութեան եւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս նահատակներու հոգեհանգստեան կարգ:
“Այսօր մեր քաջարի որդիների յիշատակը յաւերժացնելու օր է: Մեր տղաները զոհասեղանին դրեցին ամենաթանկը՝ կեանքը: Մենք պարտաւոր ենք յիշել, յարգել նրանց յիշատակը”,– յայտնած է Հայր սուրբը:
Ապրիլեան չորսօրեայ և Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին երկու որդիները կորսնցուցած Միքայէլ Հաջեան «Արցախփրէս»-ի հետ զրոյցին յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 27-ը ո՛չ թէ սուգի, այլ՝ ազգի զաւակներու հպարտութեան, գաղափարներու, կենսակերպի վերարժեւորման օր է:
“Մեր պատմութեան էջերը լի են թէ՛ հերոսական, թէ՛ ողբերգական դրուագներով, սակայն պէտք է մտածենք, որ ի՛նչ ենք փոխանցում ապագայ սերունդներին, եւ անենք ամէն ինչ, որ բաց ճակատով նայենք նրանց”,– աւելցուցած է Մ. Հաջեան:
Արցախի բոլոր համալսարաններուն մէջ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Փառքի անկիւն բացուած է: Արցախի պետական համալսարանին մէջ Փառքի անկիւնը դարձած է ուսանողներու հաւատարմութեան խոստումի ու երդումի վայր: Մայր համալսարանի Մարտական պատրաստութեան ակումբի ղեկավար Եուրա Մարգարեան ընդգծած է, որ հակառակ չսպիացող վէրքերուն, Արցախցին կը շարունակէ կանգուն մնալ:
“Մեր հերոս եղբայրների շնորհիւ է, որ շարունակում ենք ապրել ու արարել մեր վիրաւոր Արցախում: Նրանց սուրբ պատգամին եւ երդմանը հաւատարիմ՝ մենք պէտք է խոստանանք, որ նրանց կիսատ գործը շարունակող արժանի յետնորդները կը լինենք:
Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ: Ուրեմն պէտք է պայքարենք, ինքնակազմակերպուենք, միաբանուենք մէկ միասնական գաղափարի շուրջ, ազգովին մարտնչենք ու մեր հերոսների կիսատ թողած գործը շարունակենք պատուով”,– աւելցուցած է ան:
Նշենք, թէ յիշատակի արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան,Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, պետական այլ պաշտօնատարներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։