Ստեփանակերտի քաղաքապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Կապան՝ քաղաքի օրուան առիթով

 

Օգոստոս 19-20-ին Կապան այցելած է Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը՝ քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեանի հրաւէրով, մասնակցելու քաղաքի օրուան (Օգոստոս 20) առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն։

«Ապրիր խաղաղ, Սիւնեա՛ց ոստան» բնաբանով տօնակարատութեան ընթացքին տեղի ունեցած են մարզական խաղեր, ծաղիկներու խոնարհում Զանգեզուրի խորհրդանիշ Դաւիթ Բէկի յուշարձանին, այցելութիւն՝ քաղաքի սրբատեղիներէն Բաղաբուրջի յուշահամալիր ու յանուն հայրենիքի անմահացած հերոսներու յիշատակի խնկարկում, Գարեգին Նժդեհի զինակից ու գաղափարակից ընկեր կապանցի Պօղոս Տէր Դաւթեանի կիսանդրիի բացման արարողութիւն, բազմաոճ համերգներ, ցուցահանդէս-տօնավաճառ:

Կայացած է նաեւ Արցախի ու Սիւնիքի գլխաւոր քաղաքներու ղեկավարներու առանձին հանդիպումը։

Երեկոյեան Սիւնեաց սրտին մէջ բազմաթիւ կապանցիներ եւ հիւրեր ներկայ գտնուած են տօնական կալա-համերգին:

Խմբագրական