Search
Close this search box.

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ. Արցախցի երիտասարդ քանդակագործներու ցուցահանդէսը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին կողմէ կեանքի կոչուած «Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային ձեռնարկով՝ Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացուած է արցախցի երիտասարդ քանդակագործներ Մուշեղ Մուսայէլեանի եւ Գոռ Իսրայէլեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը։

Ցուցասրահի տնօրէնուհի Ելենա Դադայեան ողջունած է արուեստագէտներու առաջին միատեղ ցուցահանդէսը։

Բացման խօսքով ու քանդակագործները ներկայացնող ելոյթով հանդէս եկած է Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէնուհի Հերմինէ Աւագեան։ Խօսք առած են նաեւ քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեան, ԱՀ նախագահի խորհրդական Լուսինէ Ղարախանեան, արուեստաբան Արման Գրիգորեան։

Ցուցահանդէսին ներկայացւած են նաեւ Շուշիի «Գիւրջեան» կիրառական արուեստի հիմնարկի ուսանողներու գեղանկարներէն նմուշներ։

Լուսանկարները՝ Տիրուհի Գասպարեանի