Յունիս 11-ին, Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանին մէջ ծնողներու եւ այցելուներու համար «Բաց դռներու օր» կազմակերպուած է:
«Արցախփրէս» կը հաղորդէ, թէ օրուան ընթացքին հիւրերը առիթ ունեցած են ծանօթանալու մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը Շուշիի մէջ գործած, իսկ այժմ Ստեփանակերտ հաստատուած արհեստագործական ուսումնարանի նոր շէնքին պայմաններուն, մասնագիտութիւններուն, առաջարկուող կրթական ծրագրերու առանձնայատկութիւններուն ու առաւելութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարուած մասնագիտական աշխատանքներուն: Ծրագրի շրջանակին մէջ ներկաները շրջած են ուսումնարանի վարչական եւ ուսումնաարտադրական բաժինները:
Տնօրէնուհի Նարինէ Իշխանեան տեղեկացուցած է, թէ՝ ուսումնարանը ունի 110 աշկերտ:
“Ուսումնարանի ընդունելութեան ցուցանիշերը պատերազմից յետոյ նուազել են, բայց վերջին երկու տարիների ընթացքում աշկերտների թիւը չի փոխուել՝ 45 աշկերտ աւարտել են, նոյնքան էլ՝ ընդունուել: Մասնագիտական աշխատանքներն իրականացւում են տեղւոյն վրայ: Շէնքի վերանորոգման համար անելիքներ շատ կան”,– յայտնած է Իշխանեան։
Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանի ընդունելութիւնները կը սկսին Յուլիս 1-էն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։