Search
Close this search box.

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ – Հանրապետական մաղթանք եւ յիշատակի երթ՝ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրուան առիթով

Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրուան առիթով Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Հանրապետական մաղթանք կատարուած է: Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւադեանի հանդիսապետութեամբ միասնական աղօթք յղուած է Առ Աստուած` Արցախի պետականութիւնը անսասան պահելու եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու ներկայի ծանր կացութեան յաղթահարման համար։

Արարողութեան ներկայ գտնուած են Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի նախագահի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացուցած Արայիկ Յարութիւնեան, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեան ու Բակօ Սահակեան, Պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեան, պաշտօնատար այլ անձեր։

Այնուհետեւ մասնակիցները այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հերոսներու յիշատակին։ 

Կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն: Հնչած է Արցախի Հանրապետութեան պետական փառերգը։