Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայ մասնագէտներու «իԳործ» 2023-2024 շրջափուլի ծրագրի մասնակիցները աւարտած են իրենց մէկամեայ աշխատանքը:
Հաւաստագրերու յանձնումի հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան, Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գէորգ Մանթաշեան, Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արամ Թորոսեան։
“Այսօր մենք բարի երթ ենք մաղթում «իԳործ» ծրագրի չորրորդ շրջափուլի մասնակիցներին։ 18 երկրներից ժամանած սփիւռքահայ մասնագէտները մէկ տարի աշխատել են 19 պետական գերատեսչութիւններում՝ ծրագրեր իրականացնելով կրթութեան, գիտութեան, թուային արհեստագիտութեանց, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներում։ Մեր ընդհանուր նպատակն է ծառայել Հայաստանի բարօրութեան. «իԳործ»-ը այդ նպատակի շուրջ համախմբութեան վառ օրինակն է։ Շնորհակալութիւն ձեր նուիրման եւ աշխատանքի համար: Ուրախ եմ, որ ծրագրի շրջանաւարտների 80%-ը որոշում են կայացրել շարունակել իրենց կեանքը հայրենիքում։ Լիայոյս եմ, որ այս մէկամեայ փորձառութիւնը դրական առումով փոխել է եւ դեռ կը փոխի ձեր կեանքը”,– իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն նշած է Սինանեան։
Նշենք, թէ Հ․Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամի նիւթական աջակացութեամբ շրջանաւարտներու մէկ մասը տարի մը եւս կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։