Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վերասահմանում

Հոկտեմբեր 28-էն 31 Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարին հրաւէրով պիտի կազմակերպուի «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով»-ը, որ անցեալի Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու նոր անուանումն է։ 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր առաջին մեծածաւալ Հայաստան-Սփիւռք հանդիպումն է, որ կը կազմակերպուի քաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ։ Եթէ անցեալին՝ Քոչարեան եւ Սարգսեան նախագահներուն օրօք կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք համագումարներուն՝ իշխող կառավարութիւններուն նկատմամբ տեղացի եւ Սփիւռքի մասնակիցներուն կողմէ լռելեայն համախոհութիւն կը ցուցաբերուէր, ներկայիս նոյնը չէ պարագան։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հոգեւորականութիւնը, որ անցեալին չէր յանդգներ որեւէ ձեւով քննադատել քաղաքական իշխանութիւնները, ներկայիս անկաշկանդ ձեւով կը հակառակի, պատճառաբանելով կառավարութեան հակակղերական դիրքորոշումները։ Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մնայ աւելի պահպանողական գծի վրայ։ Բնականաբար, սփիւռքեան կազմակերպութիւններէն ՀՅԴ-ի պաշտօնական դիրքորոշումը կը մնայ ամէնէն կոշտը, մա՛նաւանդ՝ ներկայի Վարչապետին եւ անոր Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարին հանդէպ, որոնց արտագնաց ուղեւորութիւնները միշտ հանդիպած են ՀՅԴ-ի կողմէ կազմակերպուած ընդդիմութեան։

Նկատի առնելով այս ոչ-համախոհական իրավիճակը, Հոկտեմբերի վեհաժողովը կը դառնայ աւելի հետաքրքրական։ Բնականաբար, երբ չկայ ընդդիմադիր ճակատ՝ իրադարձութիւնը կը մնայ ամուլ, մթնոլորտը՝ ոչ-հետաքրքրական, հարցադրումները՝ անիմաստ։ Ներկայ պարագային ալ նոյն վտանգը կայ, եթէ ընդդիմադիր ճակատը հրաժարի մասնակցելէ։ Կամ եթէ մասնակցի եւ յառաջ քշէ շատ կոշտ դաւադրական տեսութիւններ, խոչընդոտելով կարծիքներու ազատ արտայայտութիւնը։ Ամէն պարագայի, մասնակիցներու որակէն եւ քանակէն կախեալ պիտի ըլլան վեհաժողովին մակարդակն ու յաջողութիւնը։

Յայտագիրը արդէն հրապարակուած է։ Առաջին օրուան պաշտօնական հանդիպումէն ետք, մնացեալ երեք օրերը յագեցած պիտի ըլլան անվտանգութեան ռազմավարութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու բազմաբեւեռ՝ կրթական, մշակութային, գիտական, տնտեսական համագործակցութեան եւ Սփիւռքի ներկայացուցչութեան հարցերու նուիրուած նիստերով։

Ընդհանուր առմամբ, նման մեծ միջոցառումներէն լուրջ արդիւնքներ պէտք չէ սպասել, նկատի առնելով ասոնց նախապատրաստական մթնոլորտը։ Վեհաժողովին յայտագիրը պատրաստուած է Յանձնակատարին գրասենեակի՝ իրենց սեղաններուն ետին լաւ տեղաւորուած մասնագէտներու կողմէ։ Նիստերու նիւթերը նախօրօք տարբեր համայնքներու կողմէ չեն քննարկուած, յղկուած։ Այս առումով, Ռուբէն Վարդանեան – Նուպար Աֆէեանի նախաձեռնած «Ապագայ հայկականը» համաժողովը,– որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 11-էն 13,– աւելի արդիական է իր մօտեցումին ու կազմակերպման մէջ։ Նախօրօք, հիմնական խնդիրներու շուրջ հարցարաններ եւ խորհրդակցական նամակներ յղուած են լայն հասարակութեան, եւ ճշդուած են կարեւորագոյն 15 խնդիրները, որոնք պիտի քննարկուին։

Ռուբէն Վարդանեանի «Ապագայ հայկականը» եւ Մանէ Թանդիլեանի նախագահած «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը սերտ համագործակցութեան մէջ են։ Հայաստանեան յաջորդ ընտրութիւններուն «Ապրելու երկիր»-ը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ամէնէն լուրջ մրցակիցը ըլլալու յաւակնութիւնը ունի։ Այս առումով հետաքրքրական է հետեւիլ «Ապագայ հայկականը» համագումարի քննարկումներուն։

Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պէտք ունին աւելի լայն խորհրդակցութեան։ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք վարչապետ Փաշինեան Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնը հաստատելով եւ այդ պաշտօնին նշանակելով Կլէնտէյլի քաղաքապետը, երկու նպատակ կը հետապնդէր. առաջինը՝ արտագաղթած Հայաստանցիներուն հայրենադարձութեան օրինակ ծառայեցնել պրն Սինանեանը, երկրորդ՝ վարչապետի գրասենեակի անմիջական իրաւասութեան տակ պահել Սփիւռքի գործերու ղեկավարումը եւ համադրումը, նկատի առնելով անոր բազմաթիւ գործառոյթները՝ ազգային, քաղաքական, տնտեսական, կրթական, մշակութային, քարոզչական…։ Գործնականին մէջ քաղաքական բարդ իրավիճակը, համաճարակը, պատերազմը… շատ բան փոխեցին։ Փաշինեանի՝ իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր «Համաշխարհային հայկական վեհաժողով»-ը կը հանդիսանայ առաջին լուրջ փորձը Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները վերասահմանելու։

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական