Search
Close this search box.

Ս. Մեսրոպ – Արապեան վարժարանի 45-րդ տարեդարձը

Սեւան Անանեան ելոյթ կ՚ունենայ. ձախէն՝ քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս,  քաղաքապետական խորհրդական Սարօ Մարտիրեան, երեսփոխանուհի Իզապէլ Սանթիակօ, վարժարանի խնամակալ մարմինի նախագահուհի Քրիսթինէ Գաբրիէլեան, տնօրէնուհի Նորա Թաշճեան եւ վարժարանի նախկին սաներէն Ֆիլիփ Արսլան

Շաբաթ, Մարտ 2-ին, Ս. Մեսրոպ – Արապեան վարժարանը տօնեց իր հիմնադրութեան 45-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ վարժարանին Հայերէնի ուսման պատասխանատուն՝ Նորա Թաշճեան, ջանք չէր խնայած Ս. Մեսրոպ կրթարանի 45 տարուան պատմութիւնը լրագրերէն քաղելուվ՝ պատրաստելու համար ցուցահանդէս մը, որ պատմելով դպրոցին պատմութիւնը՝ կը պատմէ նաեւ գաղութին կառուցման պատմութիւնը։ Նախքան դպրոցը՝ եկեղեցին։ Նախքան եկեղեցին, հայ գաղթականութիւնը, հայ բանուորները, որոնք Փարիզի եւ ի մասնաւորի Ալֆորվիլի շրջանի գործատուներուն մէջ աշխատանք գտած են, տեղաւորուած, ընտանիք կազմած, հանգանակութիւն կատարած…։

Սեւան Անանեան, Ալֆորվիլի հայ համայնքի պատմութեան «միջազգային մասնագէտը», ինչպէս ինք ինքզինք կը բնորոշէ կատակով, հանգամանօրէն ներկայացուց Ալֆորվիլի հայ գաղութի կազմութեան հոլովոյթը։ Յովհաննէս Գույումճեան, կեդրոնացաւ Ս. Մեսրոպ կրթարանի հիմնադրութեան ու զարգացման պատմութեան։ 

Դպրոց կառուցելը պայքար է։ Բժ. Սերժ Սիմոնեան, եւ մի քանի «խենթ»-եր կը լծուին հայկական դպրոց կառուցելու աշխատանքին։ Պէտք էր առաջին հերթին համոզել հայ համայնքը, ջոջերը, կարգ մը եկեղեցականներ, անոր անհրաժեշտութեան մասին։ Տարիներ ետք, մինչեւ այսօր, դեռ պայքարը կը շարունակուի, Նորվան Սրբազանի, ողբացեալ Կարպիս Ջրբաշեանի, Գէորգ Արապեանի եւ անոնց համախոհներու շնորհիւ, որոնք APCAF-ի շուրջ համախմբուած, ջանք չխնայեցին որ կառուցուի դպրոցին նոր շէնքը եւ կրցան լումա առ լումա հաւաքելով իր աւարտին հասցնել եկող տարեշրջանին բացուելիք Մանկապարտէզն ալ։

Տարեդարձի յայտագիրը ճոխ էր։ Երեկոյթը կը հովանաւորէր Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան։ Նախկին սաներէն Ֆիլիփ Արսլան եւ Սելին Պու Մըշրէք խօսք առին իբրեւ աշակերտ իրենց փորձառութիւնը պատմելու, երախտագիտութիւն յայտնելու։ Տիկին Քրիսթինէ Գաբրիէլեան, դպրոցին Խնամակալ մարմինի նախագահուհին շնորհակլութիւն յայտնեց Ալֆորվիլի քաղաքապետին, Մանկապարտէզի շինարարութիւնը իր աւարտին հասցնելու նպատակով անոր կատարած 250.000 եւրոյի առատաձեռն նուիրատւութեան համար։

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումին զուգահեռ ներկաները հիւրասիրուեցան թէ՛ համադամներով եւ թէ՛ երաժշտական նուագակցութեամբ, որու ընթացքին Սոնա Գրիգորեան (դաշնակ), Շուշաննա Վարդանեան (ջութակ) նուագեցին Բաբաջանեանի, Կոմիտասի եւ Արամ Խաչատրեանի յօրինումները։ Իսկ Պօղոս Եղիազարեան մեկնաբանեց՝ Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութեան վրայ յօրինուած «Օտար ամայի ճամբեքի վրայ» երգը։

Թ.Շ.